Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի դամբարանը, Քրտահա: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծաղկեպսակ զետեղեց դամբարանին դիմաց որպէս յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Այնուհետեւ նախագահին շիրիմին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն. այցելուները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած՝ խաղաղութիւն հայցելով Սուրիական Հայրենիքին եւ բարի երթ՝ անոր վերականգնումի աշխատանքներուն:

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր տպաւորութիւնն ու մաղթանքը արձանագրեց դամբարանի յուշամատեանին մէջ:
Յիշենք, որ սրբազան հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին.- Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ Մարիա Գաբրիէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդր.Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ Հրաչ Յակոբեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Սումպուլ Սումպուլեան, Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ Կարօ Իւզպաշեան եւ Յարութ Հայրապետեան, մամլոյ պատասխանատու Ռուբէն Գէորգեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Պետրոս Յովհաննէսեան, Կրօնական Ժողովի անդամ Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեան, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ազգայիններ՝ Աւօ Կարպուշեան, Գէորգ Գաթրճեան, Սողոմոն Լնդեան, Վահագն Ղազարեան եւ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան: