Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի 19 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Արամ Մանուկեան Ժ.Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 2011-2018» գիրքին շնորհանդէսը, որուն ընդմէջէն գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ հայ եւ արաբ հանրութեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի ներկայացուցիչ Ժիրայր Րէիսեան, Շէխ Ապտըլ Րահման Հասուն՝ ներկայացուցիչ Սուրիոյ Մուֆթի Ահմատ Պատր Ալտին Հասունի, Ահմատ Եասին՝ ներկայացուցիչ Հալէպի նահանգապետ Հասան Տիապի, Ճորճ Պախաշ Հալէպի նահանգապետի քարտուղար, Հասան Քաատէ՝ ներկայացուցիչ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի նախագահ տոքթ. Մաատ ալ Մատլաճիի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, քահանայ հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:

Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան, իսկ արաբերէն՝ լրագրող Քինանա Ալլուշ:

Գիրքին ներկայացումը կատարեց կրթական մշակ Արա Մութաֆեան, որ գիրքի հարուստ բովանդակութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ պատերազմի տարիներուն հայութեան խաղաղարար դերը Սուրիոյ մէջ:

Գեղարուեստական յայտագիրով Աւօ Ալեքսանեան (կիթառ) նուագեց «Ախպէրս ու Ես», իսկ Անժելա Սէմէրճեան-Յակոբեան (դաշնամուր) «էլեկիա»ն:

Ապա խօսք առաւ գիրքի հեղինակ, գործարար, ուսումնասէր Լեւոն Զագի Ետալեան: Ան դիտել տուաւ, որ սուրիահայուն համար, աշխարհի որ անկիւնը որ գտնուի ան, Սուրիան կը մնայ հայրենիք եւ ծննդավայր:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:

Սրբազան հայրը իր հովանաւորած առաջին ձեռնարկին ուրախ առիթով արտասանեց իր սրտի խօսքը նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով: Ան յուսադրեց ներկաները՝ խոստանալով թափ տալ սուրիահայութեան նիւթական, ոգեղէն եւ մտաւոր վերականգնումին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին հեղինակը մակագրեց ներկաներուն նուիրած իր գիրքերը ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին գիրքին բովանդակութեան մասին:

Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Յունիս Դ. համարով: