«Երկիր».- ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 19 Յունիս 2019 Ժողովրդավարական կուսակցութեան` հայկական արմատներով անդամ, Հայկական հարցերով քոնկրէսական յանձնաժողովի համանախագահ Ճէքի Սփիր հզօր աջակցութիւն ստացած է թէ՛ ժողովրդավարական, թէ՛ Հանրապետական կուսակցութիւններու անդամներէն Հայաստանին տրամադրուելիք նիւթական օգնութեան գումարը աւելցնելու իր առաջարկին համար:
Կը յիշուի, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ձայներու` 268 կողմ եւ 152 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունած է Սփիրի` 2020 թուականի նիւթական տարուան պիւտճէին Հայաստանին լրացուցիչ 40 միլիոն տոլար յատկացնելու առաջարկը:
Յաւելեալ գումարը պիտի ուղղուի Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման:
Յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, վերոյիշեալ հարցին Սփիրին աջակցած են Ներկայացուցիչներու պալատի քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆն ու Ֆրենք Փաոլուն:
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Սփիրին, ինչպէս նաեւ բոլոր օրէնսդիրներուն կողմ քուէարկած է: