«Երկիր».-Վրաստանի ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ.
«Հաշուի առնելով ակադեմիկոս, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, Ախալքալաքի պատուաւոր քաղաքացի Աշոտ Մելքոնեանին՝ Վրաստան մուտք գործելու հարցին առնչութեամբ յառաջացած հանրային հետաքրքրութիւնը, կը յայտնենք, որ Վրաստանի ՀՀ դեսպանութիւնը Վրաստանի պատկան մարմիններէն ստացած է տեղեկատուութիւն, որ 6 Յունիսին թուրք-վրացական «Կարծախի» անցակէտին Աշոտ Մելքոնեանին Վրաստան մուտքին հետ կապուած հարցը յառաջացած էր թեքնիք սխալմունքի պատճառով, եւ ՀՀ քաղաքացի Աշոտ Աղասի Մելքոնեան կրնայ անարգել մտնել Վրաստանի տարածք»: