«Թերթ».-Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի հայազգի պատգամաւոր Դանիէլ Ղազարեան անդրադառնալով Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամական հռչակագրերու չեղարկման ուղղուած քայլերուն ըսած է, թէ կը ցաւի, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ կնքուած բարեկամական հռչակագրերը քաղաքական հարց դարձուցած է, նահանգապետներուն թելադրելով դատարանին մէջ վիճարկել զայն։
«Նախ եւ առաջ կը փափաքիմ ընդգծել, որ դատարանի ոչ մէկ որոշում
կրնայ կասեցնել այդ քաղաքներուն միջեւ առկայ անկեղծ բարեկամութիւնը», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ 11 Յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրք լէ Վալանս եւ Պուրք տը Պէաժ քաղաքներու իրաւաբանական վարչութիւնները ծանուցում ստացած են, որ Քրենոփլի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Դրոմի Տեփարթմընթ-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրք լէ Վալանս-Շուշի, Պուրք տը Պէաժ-Մարտունի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագրերը:
Դանիէլ Ղազարեան յայտնեց, որ ինք նաեւ չի հասկնար, թէ ինչպէս կրնան նման բարեկամական հռչակագրեր ինչ որ ձեւով հակամարտութեան հետ կապուած տուեալ ազգին համար անհրաժեշտ չէզոքութիւնը հարցականի տակ դնել:
Ղազարեան աւելցուց.«Մեր ժողովուրդները միաւորող կապերը համահունչ չեն այս իրավիճակին հանգուցալուծման ուղղուած Ֆրանսայի դիւանագիտական ջանքերուն` նկատի առնելով յատկապէս, որ Ֆրանսա ամուր կապեր կը պահպանէ շահառու միւս կողմին` Ատրպէյճանի հետ: Ես Ներքին Գործոց նախարարէն կը խնդրեմ պարզաբանել մանրամասնութիւնները»:
Դանիէլ Ղազարեան նաեւ յիշած է, որ ինք կ’անդամակցի Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական խումբին, որ ի նպաստ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու զարգացման կը միաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման աջակցող խորհրդարանի անդամները:
«Մենք բանակցութիւններ կը վարենք, որպէսզի նաեւ խորհրդարանի մէջ ընդհանուր արդիւնքի հասնինք: Եթէ հետագային կարելիութիւն ըլլայ իրաւական տեսանկիւնէն անվտանգ դարձնել բարեկամական այդ հռչակագրերը, ես հաստատապէս կողմ կ՚ըլլամ այդպիսի լուծումի: Քանի որ քաղաքականութեան մէջ խիստ խաղադրոյքները բարձր են, մենք կարիք ունինք աշխատանք տանելու կուսակցութիւններուն որդեգրած քաղաքական գիծին ուղղութեամբ` ցոյց տալու համար, որ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին բարեկեցութիւնը կուսակցական հարցեր չեն, եւ ոչ ալ որեւէ կողմի արտօնութեան կարիքը ունին: Ասիկա հարցին անդրադառնալու ամենապատասխանատու ճանապարհն է»,ըսաւ ան:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Պուրք լէ Վալանսի, Առնուիլի ղեկավարները յայտնած են, որ կը բողոքարկեն Արցախի քաղաքներուն հետ բարեկամութեան հռչակագիրը չեղեալ յայտարարելու որոշումը: Իսկ Վալանսի քաղաքապետ Նիկոլա Տարաքոն այս առիթով յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր յայտնած է, որ Ֆրանսայի եւ Արցախի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագրերուն դէմ դատական գործերը չեն ազդեր երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան վրայ, որ արտայայտուած է հռչակագրերով: