Բժիշկ Աբրահամ Երէցեանի «Եագուպիէն Երէկ եւ Այսօր» գիրքը կարդացած եմ քանի մը անգամ եւ ամէն անգամ նոր բան մը գտած եմ անոր մէջ, ծանօթացած մեր գիւղի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն: Այդ գիրքին էջերէն ծանօթացած եմ մեր ուղղամիտ նախահայրերու որդեգրած միջոցներուն ՝ համերաշխ եւ խաղաղ ապրելու շրջակայ գիւղերու մահմետական բնակիչներուն հետ: Այո՛, Եագուպիէի եւ եագուպիէցիներուն յատուկ շատ բաներ սորված եմ այս գիրքէն:
Յիշողութիւնս զիս կը տանի դէպի անցեալ, դէպի մանկութիւնս, երբ մեր ծնողներուն հետ կ’երթայինք մեր պարտէզները, ուր հասնելու համար կ’անցնէինք զանազան այլ հողամասերէ. ճամբուն ընթացքին կը հանդիպէինք տասնեակ ծանօթ եւ անծանօթ մարդերու, որոնք ծնողքիս հետ «բարեւ-Աստուծոյ բարին»՝ «ալ սէլէմու ալէյքոմ», «ուա ալէյքոմ ալ սէլէմ»՝ «խաղաղութիւն ընդ ձեզ» կը փոխանակէին: Ես կը զարմանայի ու ինքզինքիս հարց կու տայի, թէ ինչո՞ւ օտար, իրարու անծանօթ մարդիկ կը բարեւէին զիրար: Սիրոյ եւ համերաշխութեան արտայայտութիւն եղող այս բառերը կը փոխանակուէին նաեւ երբ որեւէ առիթով կ’այցելէինք շրջակայ գիւղերը:
Այս գիրքին էջերէն միայն կրցայ հասկնալ մեր նախահայրերուն հեռատեսութիւնն ու իմաստութիւնը։ Անոնք երկար դարեր կրցած են համերաշխ ապրիլ այս երկրի տեսակաւոր բնակչութեան հետ: Մեր նախահայրերը գիտակից նիստուկացով յաջողած են հանգիստ կեանք ապահովել իրենց եւ գալիք սերունդներուն համար: «Ալ սէլէմու ալէյքոմ» կը դադրի ամէն օր կրկնուող հասարակ նախադասութիւն մը ըլլալէ, ան իր մէջ կ’ամփոփէ իմաստութիւն եւ փոխըմբռնում: Այս բառերուն շնորհիւ «Արաբական Գարուն»էն առաջ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը կը տիրէին մեր շրջակայ գիւղերուն մէջ: Այո՛, այս գիրքը զիս կը տանի հեռաւոր մանկութեանս տարիները, երբ ամրան զով գիշերները ընկեր-ընկերուհիներով կ’անցընէինք գիւղի «Կէօլ Մտէն» կոչուող աղբիւրին մօտ, որ մեր ջուրի միակ նեղուցն էր: Ամառները դըպրոցական արձակուրդները անցընելու համար կը մեկնէինք նաեւ Հալէպ: Ամէն ինչ հաճելի էր, ապահով ու խաղաղ:
Որպէս փաստ ըսածիս, բերեմ հետեւեալ օրինակը. երբ Ճըսըր Շըղուրի ֆրանսացի կառավարիչը կը հրաւիրէ Եագուպիէի հայ երեւելի ազգայիններէն Սմբատ Աղա Քասսիսը՝ Երէցեանը գործակցութեան՝ այն պատրուակով, որ իրենք ալ քրիստոնեայ են, Սմբատի պատասխանը կ’ըլլայ. «Ճի՛շդ է ըսածդ, երկուքս ալ քրիստոնեաներ ենք, սակայն դուք օտար էք, երբեւիցէ պիտի հեռանաք, իսկ մենք այս երկրի բնակիչներն ենք ու մաս կը կազմենք այս երկրի ներդաշնակ երանգապնակին»:
Այս դիրքորոշումին պատճառով հայ համայնքը ձեւով մը կը տուժէ, սակայն կը շահի երկրին հաւատարմութեան համբաւը եւ կը վայելէ վստահութիւնը տեղացիներուն, որոնց հետ կը շարունակէ ապրիլ խաղաղ ու ապահով:
Աւելցնեմ, որ այս գիրքը գրուած էր հայերէնով: Հեղինակին զաւակներէն Պերճը գիրքը արաբերէնի թարգմանեց, որպէսզի բոլոր եագուպիէցիները կարենան ծանօթանալ իրենց նախահայրերուն ապրած կեանքին: Արաբերէն տարբերակը խմբագրեց Ղընէյիէ գիւղէն Պիանքա Մատիան: Պատմական իրադարձութիւններուն հմուտ հեղինակը խնդրեց ինձմէ իրեն հետ վերատեսութեան ենթարկել թարգմանութիւնը:
Այսպիսով «Եագուպիէն Երէկ եւ Այսօր» գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը կ’ամբողջանայ եւ կը հրատարակուի: Տպագրութեան ծախսերը կը հոգան եագուպիէցի ճարտարապետ, գիտակից ազգային տէր եւ տիկին Մունիր Դարբինեաններ:

Աբրահամ Ա. Երէցեան