Շանթ սովորութիւն ունեցած է դասը աւարտելէն ետք խորունկ խոնարհիլ հմայուած աշակերտութեան առջեւ ու ապա դասարանէն ելլել… ինչպիսի՜ գայթակղութիւն…
Հոս տեղին է հատուած մը կարդալ Մ. Իշխանի յուշերէն.
«Զանգը կը հնչէր։ Արդէ՞ն։ Որքա՜ն շուտ կը թռէր դասապահը։ Զուր ճիգ պիտի ըլլար յոգնութեան նշաններ փնտռել ուսուցիչի եւ աշակերտներու դէմքին վրայ։ Ինչպէս որ մուտք գործած էր, նոյն ձեւով ալ Շանթ կը մեկնէր, մինչեւ մէջքը խոնարհելէ ետք դասարանին առջեւ։
Ինք կ’երթար, բայց տղաքը լուռ կը մնային տակաւին իրենց տեղը։ Հազուագի՛ւտ երեւոյթ։ Շանթի արծարծած խնդիրներուն արձագանգը կը շարունակէր թրթռալ բոլորի հոգիներէն ներս»։
Այս չէ՞ միթէ մանկավարժութեան մեծագոյն յաղթանակը։
Թերեւս ոմանց չափազանց թուի այսքանը, սակայն նման քուրմ-ուսուցիչներն են որ իրապէս հոգիներու կերտումին մէջ կը յաջողին ու անջնջելի հետք կը ձգեն, կը պատրաստեն ոչ միայն զիրենք փոխարինող սերունդներ, այլեւ գիտակից ու նուիրեալ մտաւորականութիւն։ Շանթը Պէյրութին տուած էր այդ փոխարինողներն ու մտաւորականութիւնը։ Կ’երազէի նման ուսուցիչ ունեցած ըլլալ։
Դարձեալ ըստ Մ. Իշխանի, «Շանթ որքան գիտուն մանկավարժ, նոյնքան արուեստագէտ ուսուցիչ մըն էր…Արձանագործը մարմարի կոշտ զանգուածէն գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կը կերտէ։ Աշխատանքի պահուն ան կը շարժի ներքին ոգեւորութեան եւ ներշնչումի բուռն մղումին անձնատուր։ Ուսուցիչին ըրածն ալ ուրիշ բան մը չէ, սա տարբերութեամբ, որ անոր ստեղծագործող ճիգերը կը ներգործեն ապրող եւ թարմ էակներու վրայ, փոխանակ անշունչ իրերու։ Ո՞վ յանցաւոր է, եթէ արձանը, նկարը կամ քերթուածը ձախողած գործեր դուրս կու գան.- արուեստագէ՛տը, անշուշտ, իր ներշնչումին եւ տաղանդին պակասով եւ արուեստին թերիներով։
Շանթ միեւնոյն ըմբռնումը ունէր նաեւ ուսուցիչներուն վերաբերմամբ»։
Մանկավարժութեան հետ միասին քաջածանօթ ըլլալով նաեւ հոգեբանութիւն գիտութեան, ան աշակերտները դաստիարակելու միանգամայն ներգործող ու տպաւորիչ միջոցներու դիմած է։ Ահա իր մանկավարժական «դասերէն» մին, զոր անուղղակիօրէն տուած է իր աշակերտներուն։ Կրկին կը պատմէ Մ. Իշխան։ Իր աշակերտութեան օրերուն ուսուցիչ մը դասարանէն ներս յաճախ կը չարախօսէ կամ կը բամբասէ Շանթին։ Աշակերտները, որոնց համար Շանթ «անհպելի նուիրականութիւն էր», կ’ընդվզին եւ կ’որոշեն իրենց դժգոհութիւնը փոխանցել տեսուչին՝ նոյնինքն Շանթին։ Շանթ հազիւ լսած՝ բարկութեամբ կը լռեցնէ զանոնք, ըսելով՝ «Թոյլ չեմ տար, որ ոեւէ մէկը իմ ուսուցիչներուս մասին գէշ արտայայտուի…ես կատարեալ վստահութիւն ունիմ իմ ուսուցիչներուս վրայ»։ Իսկ երբ համարձակ աշակերտ մը, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ բացատրել՝ Շանթ կ’ըսէ. «Սուտ ու ճղճիմ բաներ են ասոնք, Ճեմարանը մէկ ընտանիք է, այդ ընտանիքին բոլոր անդամները իրար կը սիրեն. գացէք ու ձեր դասերով զբաղեցէք. անգամ մըն ալ այսպիսի յիմար հարցերով քովս մի գաք»։ Ու Իշխան կ’եզրակացնէ. «Ճիշդ է, մենք ստացանք բարոյական ապտակ մը, բայց մեր տնօրէնը աւելի մեծցաւ մեր աչքին»։
 Չե՛մ կասկածիր։
Արժէ խորհիլ, թէ ի՞նչ կ’ընենք մենք. արդեօք ինքներս չե՞նք մղեր կարգ մը աշակերտներ «լրտեսելու» իրենց ընկերները կամ ուսուցիչները, մանուկ տարիքէն պատրաստելով փոքրոգի ու ճղճիմ արարածներ։ Հնարաւոր է, որ Շանթ առանձին խօսեցաւ նաեւ ենթակայ ուսուցիչին հետ, բայց ոչ թէ իր անձին դէմ յանցանքը անոր երեսին զարնելու համար, այլ կողմնակիօրէն հասկցնելու, որ դաստիարակին գործը լպրծուն ու սմսեղուկ մարդեր պատրաստելը չէ, նման մարդեր ապագային ալ նոյն ու աւելի գէշ վարք պիտի ցուցաբերեն։
Շանթի մանկավարժական մօտեցումին այլ օրինակ մը կը յիշէ Ծառուկեան («Մեծերը եւ Միւսները»,1992, Պէյրութ, էջ 21-22)։ Ուսուցիչ մը դասարանին մէջ կը կորսնցնէ պաղարիւնութիւնը եւ անիրաւացիօրէն կ’ապտակէ ձրիավարժ տղայ մը, որ կատարեալ վարք ու բարքի տէր էր ու անմեղ։ Տղան վիրաւորանքէն անդադար կու լայ։ Ծառուկեան ընկերներուն հետ, որոնց կարգին եւ Մուշեղ Իշխան, կ’որոշեն տնօրէնին բողոքագիր գրել, որ աւելի սպառնալիքի ձեւ կ’առնէ՝ «կ’ուզենք որ այս թրքավարի արարքը չկրկնուի, այլապէս պիտի փոխադարձենք նոյն ձեւով»։ Շանթ կը մտնէ դասարան – …պէտք էր ըսէի կը խուժէ՜- եւ պահարանէն հանուած նամակը ձեռքը, կը սկսի որոտալ, թուղթը գլուխէն վեր շարժելով. «Այս ի՛նչ յանդգնութիւն, …չկրկնուի՜ անգամ մըն ալ…իմ պարտականութիւնս ինծի կը յիշեցնէք…»։  Յանդիմանութիւնը ընդամէնը գրելու ոճին համար էր։ Աւարտելէն ետք երբ կ’երթար, յանկարծ կանգ կ’առնէ ու կը հարցնէ, թէ որո՞նք են որ նամակին տակ չեն ստորագրած։ Երեք աշակերտներ ոտքի կ’ելլեն, ակնկալութեամբ, որ պիտի գնահատուին։ Մինչդեռ Շանթ կ’ըսէ. «Եթէ համաձայն չէիք, պէտք է արգիլէիք որ այս նամակը գրուէր, չկրցաք՝ դու՛ք եւս պէտք է ստորագրէիք…»։ Կ’երթայ, իսկ այդ երեքին դէմքերը…«լուացքի տաշտէն ելած քամուելիք լաթերու տեսքը ունին»։
Մեծամասնութեան արարքը անարդարութեան դէմ տաքարիւն բայց ազնիւ քայլ էր, երեքինը՝ անձնասիրութիւն ու նաեւ՝ ուսուցիչին առջեւ երեսպաշտութիւն։ Նման դէպքեր դասարաններու մէջ կը պատահին, եւ ուսուցիչները երբեմն կը գնահատեն քծնողներուն կեցուածքը։ Բայց ահա թէ ինչպէս կրթեց Շանթ։ Այսպէս՝  ճիշդ ատենին ու տեղին ըսուած մէկ նախադասութեամբ այնպէս կրթել, ինչպէս որ պիտի չազդէր ժամերով ընկերասիրութիւն ու համերաշխութիւն քարոզելը։
Շանթի գրական վաստակին մաս կը կազմեն բանաստեղծութիւններ, վէպեր ու թատերգութիւններ։ Իր գրականութեան աշխարհը երազի ու վերացումի տանող մթնոլորտ է։
Նախքան հոն մտնելս կ’ուզեմ անձնական կեանքէս էջ մը վկայակոչել, զոր նախապէս, առաջին գիրքիս մէջ, յիշած եմ։ Երեւանի Պետական Համալսարանի առաջին տարիս էր։ Գիւղէ եկած՝ սակայն շատ կարդացած ու նաեւ խիստ ռոմանթիկ էի, այնպէս որ միջավայրիս հետ տակաւին միաձուլուած չէի։ Զբօսանքին, միջանցքի անկիւն մը կը քաշուէի ու երեսիս թափած մազերու մէջէն կը դիտէի անցուդարձը, երեւանցի համարձակ աղջիկներու կատակները։ Օր մը ինծի մօտեցաւ տղոցմէ մէկը, որ արդէն յայտնի էր որպէս գիտունիկ։ Մարդամօտ ու ազնիւ տղայ մըն էր։ Առաջարկեց դասէն փախչիլ, ելլել ընթերցասրահ ու միասին կարդալ գիրք մը, որ արգիլուած գրականութիւն է ու ինք ուրիշէ առած է կարճ ժամկէտով։ Փոքրիկ ու շատ հին գրքոյկ մըն էր, հեղինակը՝ անծանօթ։ Ելանք, քաշուեցանք սրահին հեռաւոր մէկ անկիւնը։ Քանի որ ան կարճատես էր, առաջարկեցի որ ես կարդամ. մերժեց։ Հիմա ան Համալսարանի փրոֆեսէօր է՝ Սամուէլ Մուրատեան։ Սկսաւ շշուկով ընթերցել, որ առաւել խորհրդաւորութիւն կու տար արդէն արտառոց գրուածքին։ Անզգալաբար երկուքս ալ փոխադրուեցանք անիրական, երազային սքանչելի աշխարհ մը։ Երբ կարդաց վերջին բառը՝ «Իզո՞ւր…», մշուշներու մէջէն իրարու նայեցանք. շիկնած ու յուզուած էինք երկուքս ալ ու կարծես կտրուած էինք գետինէն։ Գի՞րքը. Լեւոն Շանթ, «Հին աստուածներ»… Այդ օրէն Շանթ ինծի հետ է։
(շար. 5)
Լալա Միսկարեան-݂Մինասեան