Նախապէս անդրադարձած էի գաղափարաբանական հարցերու վերաբերող Երուանդ Ֆրանկեանի պատմափիլիսոփայական տեսութիւններուն, որոնք քննադատաբար կը հակադրուէին Մարքսի նիւթապաշտութեան (materialism) եւ կը յանգէին համադրական մոնիզմի՝ հիմնաւորելով այն թեզը, որ պատմութեան անիւը առաջ կը մղուի առարկայական (տնտեսական) պայմաններու եւ ենթակայական (մարդ-գաղափար) գործօններու համարժէք փոխներգործութեամբ, եւ կ’աւելցնէի, թէ այդ թեզը կազմած է հիմքը ՀՅԴ-ի ընկերվարական ըմբռնումին:
Նոյն նիւթին առնչուած եւ ի լրացում անոր, մտածեցի երկրորդ յօդուածով մը հպանցիկ անդրադառնալ Երուանդ Ֆրանկեանի ժամանակակից ու դաշնակցական եռանդուն գործիչ Վահան Խորենիի տեսութեան , որ բուռն քննադատութեան ենթակայ դարձած է իր ատենին համայնավարական դիրքերէ՝ Ստ. Շահումեանի, տխրահռչակ Սարգիս Կասեանի, նաեւ աւելի վերջ ուրիշներու կողմէ:
Կրկնելու գնով անմիջապէս յայտնեմ, որ նախորդ դարու կը պատկանին գաղափարաբանական այսօրինակ վէճերը , որոնց ի պաշտպանութիւն ահագին մելան, իսկ համայնավարական գաղափարաբանութիւնը տարածելու-գործնականացնելու համար գետի նման արիւն հոսած է զանազան երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի մէջ՝ պատճառ դառնալով մեր նորակերտ ազգային պետականութեան ու անկախութեան կորուստին: Մարքսի վարդապետութեան՝ այսինքն անդասակարգ հասարակութիւն մը յառաջացնելու նպատակին համար ամբողջ 70 տարի այդ երկիրներուն պարտադրուեցաւ մարքսեան միատեսակ դաստիարակութիւն, յաջորդական սերունդներ վախով ու սարսափով ապրեցան, ահաւոր հալածանքներու, բռնութիւններու, խոշտանգումներու ենթարկուեցան, տարիներով Սիպերիոյ ու այլ աքսորավայրերու մէջ տառապեցան եւ այլն, բայց ի զո՜ւր: Առաջին տարիներուն իր գաղափարաբանութեամբ զանգուածներ հրապուրելէ եւ անոնց միջոցով իշխանութիւն դառնալէ ետք համայնավարութիւնը վերածուեցաւ ամբողջատիրական բռնակալութեան, ապա ամեհի հսկայի մը նման ինքնիր վրայ փլաւ ու չքացաւ: Հիմա, ինչպէս Չինաստանն է, երկու-երեք երկիրներ մնացած են միայն, որոնք անուանապէս իբրեւ թէ «համայնավար», բայց շատ հեռու են մարքսիզմէ: Անոնցը անազատ-ամբողջատիրական վարչակարգեր են, բայց տնտեսութիւնը ազատական է, դրամագլոււխի վրայ հիմնուած…: Չտարածուիմ ու վերադառնամ նիւթիս…:
Գրասեղանիս վրայ չունիմ Վահան Խորենիի տեսութիւններուն վերաբերող որեւէ գիրք, յօդուած կամ այլ գրութիւններ: Այս ուղղութեամբ համացանցի վրայ որոնումներս ալ ապարդիւն մնացին: Հոն միայն կենսագրական շատ ժլատ տեղեկութիւններ գտայ Խորենիի մասին : Որով, այս անդրադարձիս հիմքը կը կազմեն յիշողութիւնս եւ շուրջ քառասուն տարի առաջ ընթերցումներէս հապճեպ քաղուած խառնիխուռն, գրեթէ անընթեռնելի դարձած նօթերս: Խորենին ծնած է Սիսեանի գիւղերէն մէկուն մէջ: Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը աւարտելէ, գերմանական համալսարաններու մէջ ուսումը կատարելագործելէ եւ պատմափիլիսոփայութեան գիտական դոկտորայի տիտղոսին արժանանալէ ետք ընդգրկուած է ուսուցչական ասպարէզ՝ ի Թիֆլիս, միաժամանակ հոն խմբագրելով «Աշխատաւոր» թերթը: 1919-ին Երեւան է, ուր կը խմբագրէ «Հայաստանի Աշխատաւոր»ը: Անկախ Հայաստանի խորհրդարանական երկրորդ գումարման կ’ընտրուի պատգամաւոր (երեսփոխան) եւ կը գլխաւորէ խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւորներու խմբակցութիւնը՝ յաճախ վիճարկելով Խատիսեանի կառավարութեան գործունէութիւնը: Համայնավար հայերու հակապետական խլրտումներու օրերուն՝ 1920 Օգոստոսին կը ղրկուի իր ծննդավայրը Զանգեզուր՝ քաղաքացիական-եղբայրասպան հաւանական կռիւները կանխելու առաքելութեամբ, բայց հոն դաւադրաբար կը ձերբակալուի համայնավարներու կողմէ եւ Գորիսի բանտին մէջ դաժանօրէն կը սպանուի 13 դաշնակցականներու հետ, 1920-ին, 36 տարեկան հասակին:
Քաղաքական ու գաղափարաբանական խնդիրներու նուիրեալ Վահան Խորենի գործիչը, պայքարի առաջապահ դիրքերէ՝ իր պատմափիլիսոփայական տեսութեամբ շատ բուռն հակադրուած է Մարքսի նիւթապաշտ վարդապետութեան եւ անիկա որակած՝ «առարկայականութեան եւ ցնդաբանութեան զուգադրութիւն»: Ըստ Խորենիի, «ցնդաբանութիւնը» կը կայանայ «տիալեկտիք» աշխատակարգի (մեթոտի) վրայ Մարքսի ձեւաւորած մտածելակերպին մէջ, որ սխալ ելակէտէ մը սկսելով կը յանգի անիրականանալի, ցնորային եզրակացութեան մը: Մարքս կը հաւատայ, թէ հի՜ն, նախապատմական շատ հի՜ն դարերուն մարդկութիւնը եղած է անդասակարգ հասարակութիւն մը, ուր սեփականութիւն չկար: Սա Մարքսի տիալեկտիքայի մէջ՝ «դրութիւն»ն է, որու դիմաց ստեղծուած է սեփականատէր դասակարգ (հակադրութիւն)ը եւ այս երկուքի բախումը յառաջ բերած է տնտեսական նոր կացութիւն մը՝ (համադրութիւն)ը, որ ժամանակի թաւալումին հետ կը դառնայ «դրութիւն», ինչ որ կ’ունենայ իր հակադրութիւնը, վերածուելու համար համադրութեան: Եւ այսպէս, իրարու հակադրուող դասակարգային պայքարներով ու «համադրութիւն»ներով առաջ կ’ընթանայ պատմութիւնը, մինչեւ որ յանգի սկզբնակէտին՝ անդասակարգ հասարակութեան, ուր չկան ամէն չարիքի արմատ սեփականատիրութիւն, դրամագլուխ եւ այլն: Քննադատելով տիալեկտիքը Խորենին կ’ըսէ, թէ այդ մեթոտը ի վիճակի չէ նոյնիսկ յստակացնելու պահը (ե՞րբ) եւ ձեւը (ինչպէ՞ս) տեղի պիտի ունենայ դասակարգային պայքարի կամ յեղափոխութեան վերջնագոյն փուլը, որ պիտի յանգի (եղեր) ցնորային անդասակարգ հասարակութեան…:
Խորենին հիմնականօրէն կը մերժէ դասակարգային պայքարի տեսութիւնը: Ըստ իրեն, Մարդկային կեանքի մէջ անդասակարգ հասարակութիւն ոչ եղած է անցեալին, ոչ ալ կրնայ ըլլալ ապագային: Ան կ’ըսէ, թէ մարդ էակի ձեւաւորման առաջին օրերէն, հասարակական կեանքի բոլոր ձեւերուն ու արտայայտութեանց մէջ, մարդկային բնութիւնը օժտուած եղած է երկու տեսակ յատկանիշերով՝ ազատութեան ձգտումով եւ իշխանատենչութեամբ: Իշխուողներու եւ իշխողներու, այսինքն՝ շահագործուողներու եւ շահագործողներու պայքարներով է, որ պատմութիւնը կը թաւալի: Այս կը նշանակէ, թէ Խորենին պատմութիւնը շարժող ուժերը կը դնէ հոգեբանական հարթութեան վրայ եւ ոչ թէ նիւթին կամ տնտեսութեան: Կը հաստատէ, թէ ընկերվարութիւնը ծնունդ առած է դրամագլուխէն, առանց որուն հնարաւոր չէ որեւէ բարգաւաճում, յառաջընթաց, զարգացում: Դրամագլուխը ոչնչացնելով, այսինքն ոչինչէն, ինչպէ՞ս կարելի է ընկերվարութիւն կառուցել:
«Նոր»ը առաջ կու գայ ոչ թէ «հին»ի ոչնչացումով, այլ անոր ուսերուն բարձրանալով զայն կը կերպարանափոխէ: Կ’ըսէ, թէ չարիքին էութիւնը դրամագլուխը չէ, այլ անոր գործածութեան եղանակն է: Ընկերվարութեան յաղթանակը դրամագլուխի անէացման մէջ չէ, ինչ որ, ըստ իրեն, անհնար է արդէն: Ընկերվարութեան յաղթանակը կը կայանայ այն պարագային, երբ մարդկութեան մշակութային ու քաղաքակրթական վերելքը նուաճէ այնպիսի աստիճան, ուր դրամագլուխի բարիքները արդարօրէն պիտի բաշխուին՝ ի սպաս մարդու եւ ընկերութեան կեանքի բարելաւումին եւ այլն:
Խորենին ընկերվարական յեղափոխութիւնը կը պատկերացնէ. «բովանդակութեամբ՝ հասարակական դրամատիրութիւն, ձեւով ու կազմակերպութեամբ՝ ընկերվարական» Խորենիի այս մօտեցումը կը նշանակէ, թէ անդուլ դաստիարակութեամբ մէկ կողմէ շահագործուողներու ազատութեան ձգտումը, անոնց արդարութեան ու իրաւունքի գիտակցութիւնը եւ պայքարելու ոգին պէտք է զօրացնել, իսկ միւս կողմէ՝ հասարակական ազնուութեան, մարդկայնութեան զգայնութիւնը պէտք է մշակել ու զարգացնել՝ միաժամանակ դրամագլուխին վրայ ի գործ դնելով օրէնսդրական սահմանափակումներ, ճնշումներ, սեղմումներ…:
Ահաւասիկ դաշնակցական մտքի ու գրչի երկու մեծեր՝ Ե.Ֆրանկեան եւ Վահան Խորենի, որոնք քննադատաբար կը հակադրուէին Մարքսի նիւթապաշտութեան եւ իրենց տեսութեամբ ընկերվարութեան յաղթանակին համար հիմնական կը սեպէին գաղափարի ուժը եւ ազգային շրջագիծը նոյնիսկ այն օրերուն, երբ մտքերու վրայ կը վեհապետէր միջազգային ընկերվարութեան Մարքսի տեսլականը:
Իրենցմէ առաջ, ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն՝ համոզումով ամէնէն Մարքսիտը համարուած Ռոստոմ առիթով մը մօտաւորապէս յայտարարած էր արդէն, թէ՝ «…Մենք ընկերվարական չենք եղած այս ու այն տեսութեան կամ վարդապետութեան ծառայելու համար: Մենք ընկերվարական եղած ենք հաւատաով, որ անիկա լաւագոյն միջավայրը կը ստեղծէ հայութեան զարգացման, մեզի կը ներշնչէ պայքարի կամք՝ ազգի ազատագրումին եւ ազգային մեր ձգտումներուն հասնելու համար…»:

Միհրան Քիւրտօղլեան