Լաթաքիոյ հայ գաղութը ցնծութեան մէջ էր, Հալէպէն ժամանած «Ադամեան» թատերախումբը պիտի հրամցնէր մեզի «Ծերունին Եւ Լեռը» թատերգութիւնը։ Ծնողքիս հետ ներկայացայ թատերասրահ։ Թատերգութիւնը լուսարձակի տակ կ’առնէր Ցեղասպանութիւնը։ Ապրիլ ամիսն էր, երբ թուրքերը ջարդեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր, տեղահան ըրին զիրենք, սպանեցին մտաւորականներ, կոյս աղջիկներ, կիներ եւ երեխաներ։ Եփրատ գետը արիւնով ներկուեցաւ եւ մնացած ողջ ժողովուրդը բռնեց գաղթի ճամբան ու տարածուեցաւ աշխարհով մէկ։ Յոյսը պարուրեց հոգիս, երբ վերյիշեցի, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս վերածնաւ եւ շարունակեց ապրիլ ու պահանջատէր ըլլալ։ 104 տարի անցեր է, սակայն պատմութիւնը կը կրկնուի։
Այս խորհուրդն էր, որ «Ծերունին եւ Լեռը» ներկայացուց մեզի։ Կրկին թրքական բարբարոսութիւններուն հետեւանքով, պատերազմին հետեւանքով սուրիահայը կը հեռանար իր պապենական օճախէն 104 տարի ետք, սակայն ծերունին չէր ուզեր գաղթել. ան կառչած էր իր արմատներուն, որովհետեւ հայուն գաղթը դէպի օտար ափեր, անյայտ ճակատագրին գիրկը պիտի նետէր. ուստի ան վերադարձաւ Քեսապ՝ իր ծննդավայրը, ուր հասակ նետած ու սնած էր մաքուր օդով ու ջուրով։
Բոլորս հեռացանք սրահէն համոզուած, որ պիտի շարունակենք կառչած մնալ մեր արժէքներուն, իսկ եթէ ստիպուինք գաղթի ճամբան բռնել, պիտի ուղղուինք հայրենիք՝ Հայաստան։
Կալին Գալայճեան
Է. կարգ
Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարան