ՀԱՅԿԱԿԱՆ

 

ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԵԿՆՈՂ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ
ՀԱՕԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ընդունեց Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ խաղերուն մեկնող հայ մարզիկները եւ մարզիչները: Գագիկ Ծառուկեան վերյիշեց Պաքուի մէջ նախապէս իրականացող եւրոպական առաջին խաղերուն Հայաստանի մասնակցութիւնն ու յաջողութիւնները, մարզիկներուն մաղթելով նորանոր նուաճումներ: Յիշեցնենք, որ 21-30 Յունիսին Պելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք առաջնութեան, Հայաստան կը ներկայացնեն 37 մարզիկներ: Մարզիկները մաս պիտի կազմեն հետեւեալ մարզաձեւերուն՝ ըմբշամարտ, մարմնամարզութիւն, բռնցքամարտ, հրաձգութիւն, ժիւտօ, պատմինթոն, հեծանիւ, սամպօ եւ թիավարութիւն: Սոյն մարզախաղերուն Հայաստան պիտի ներկայացնեն հետեւեալ մարզիկները.
Ազատ ոճի ըմբշամարտ՝ Գարիկ Բարսեղեան 57 քկ., Վալոտյա Ֆրանգուլեան 65 քկ., Սարգիս Յովսէփեան 97 քկ., Անդրանիկ Գալստեան 125 քկ., յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ՝ Արմէն Մելիքեան 60 քկ., Կարէն Ասլանեան 67 քկ., Կարապետ Չալեան 77 քկ., Մաքսիմ Մանուկեան 87 քկ., Արթուր Ալեքսանեան 97 քկ.:
Մարմնամարզութիւն՝ Վահագն Դաւթեան օղակներ, Արթուր Թովմասեան օղակներ, Արթուր Դաւթեան բազմամարտ:
Պատմինթոն՝ Լիլիթ Պօղոսեան:
Հրաձգութիւն՝ Հրաչիկ Բաբայեան 10 մ. օդամղիչ հրացան, 50 մ. հրացան, Ալլա Պօղոսեան 10 մ. օդամղիչ հրացան:
Ժիւտօ՝ Ֆերտինանդ Կարապետեան 73 քկ.:
Հեծանիւ՝ Էտկար Ստեփանեան:
Սամպօ՝ Ասիա Լալազարեան 48 քկ., Տիգրան Կիրակոսեան 52 քկ., Մաքսիմ Մանուկեան 57 քկ., Արսէն Ղազարեան 74 քկ., Դաւիթ Գրիգորեան 82 քկ., Գրիգոր Սահակեան 90 քկ.:
Թիավարութիւն՝ Արա Վիրապեան, Դաւիթ Մարապեան, Վլատիմիր Ալաւերտեան:
Բռնցքամարտ՝ Անուշ Գրիգորեան 51 քկ., Արթուր Յովհաննէսեան 49 քկ., Բարեղամ Յարութիւնեան 52 քկ., Ժիրայր Սարգսեան 56 քկ., Կարէն Տօնականեան 60 քկ., Յովհաննէս Բաչկով 64 քկ., Գուրգէն Մատոյեան 69 քկ., Արման Տարչինեան 75 քկ., Գոռ Ներսէսեան 81 քկ., Հենրիկ Սարգսեան 91 քկ., Գուրգէն Յովհաննիսեան 91+ քկ.:
WBA. ԱՐՏՈՄ ԹԱԼԱՔԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ
Ուքրանահայ Արտոմ Թալաքեան երրորդ անգամ ըլլալով կրցաւ պաշտպանել թեթեւագոյն ծանրութեան արհեստավարժ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանին կոչումը: Քիեւի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին WBA վարկածով աշխարհի ախոյեանի մրցակիցը դարձաւ Թայլանտի ներկայացուցիչ Սարավուտ Տաւորնամը։ 31- ամեայ Թալաքեանը յաղթեց 10-րդ ռաունտին։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ՀԱԶԱՐՏԸ
Սպանիոյ արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտ, Սանթիակօ Պերնապէ մարզադաշտին վրայ, աւելի քան յիսուն հազար համակիրի ներկայութեամբ, ներկայացուց կազմին նորեկ խաղացող պելճիքացի Իտըն Հազարտը: Հազարտ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ իր փափաքն է թագաւորական խումբին հետ տիրանալ բազմաթիւ տիտղոսներու եւ վայելել ախոյեանութեան փառքերը: Ան անդրադառնալով Զէնէտտին Զէտանի գլխաւորած խումբին մաս կազմելուն ըսաւ, որ ինք ֆութպոլը սիրած է շնորհիւ Զիտանի:  Թագաւորական ակումբի նախագահ Փերէզ, բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ըսաւ «Այսուհետեւ Սանթիակօ Պերնապէն ձեր տունն է եւ դուք այսօրուընէ դարձաք արքայական ակումբին զաւակը»: Աւելցնենք, որ սոյն պայմանագիրը յաջողցնելու համար Ռէալ Մատրիտ շուրջ 110 միլիոն եւրօ տրամադրեց:
ԹՕԹԻ ՀԵՌԱՑԱՒ ՌՈՄԱՅԷՆ
Ըստ իտալական  Football Italia-ին, 42-ամեայ իտալացի նշանաւոր խաղացող Ֆրանչիսքօ Թօթին պիտի հեռանայ իր ակումբէն: Աղբիւրին համաձայն, իտալացի մարզիկը հարցերու մէջ է ակումբի ղեկավարներուն հետ եւ այդ պատճառով պիտի լքէ այն ակումբը, որուն տարազը կրած է երկար տարիներ: Յիշենք, որ «Ռոմա»ի  աւագին առաջարկած են  զբաղեցնել խումբի մարզական  տնօրէնին պաշտօնը, սակայն Թօթի մերժած է։ Թօթի իր երկարամեայ  մարզական կեանքին ընթացքին հանդէս եկած է  միայն «Ռոմա»ի կազմին հետ։ 1992-էն 2017 ան մաս կազմած է  619 մրցումներու՝ նշանակելով 250 կոլ:
ԻՒՎԵՆԹՈՒՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
 Իտալիոյ տարիներու ախոյեան Իւվէնթուս  իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտարարեց Մաուրիցիօ Սարիի նշանակումը  գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին:  60-ամեայ  մասնագէտին հետ պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 Յունիս 2022։ Սարին  փոխարինեց Մասիմիլիանօ Ալեկրիին, որ 2014-2019 թուականներուն եղաւ   Իւվէնթուսի գլխաւոր մարզիչը։ Աւելցնենք, որ մրցումներու վերջին շրջանին , Սարին եղաւ  Լոնտոնի Չելսիի գլխաւոր մարզիչը։ Անոր ղեկավարութեամբ, անգլիական ակումբը զբաղեցուց երկիրին ախոյեանութեան երրորդ հորիզոնականը, ինչպէս նաեւ տիրացաւ «Իւրոփա-լիկ»ի ախոյեանութեան: Նախապէս ան մարզած է իտալական Փեսքարա, Սորենթօ, Էմփոլի եւ Նափոլի խումբերը :
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան