«Ասպարէզ».- Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF), համագործակցելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին հետ, հաստատած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայ ուսանողներուն յատուկ վկայագրերու անվճար ծրագիր մը, որ ընթացք պիտի առնէ այս տարուան Սեպտեմբերին։
Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ գործառնութեանց նախաձեռնելու պատրաստ կամ իրենց ասպարէզի ոլորտը ընդարձակել փափաքող հայորդիներուն։
Գործարարութեան, զբօսաշրջութեան, հաշուապահութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ ռուսերէնի եւ անգլերէնի դասընթացքներ պարունակող կրթական յատուկ ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներ արձանագրութեան գումարը (10,000 դրամ) պիտի վճարեն, իսկ արձանագրութիւնները պիտի սկսին 1 Յուլիսին։
12ամսեայ ծրագիրին հետեւողները առիթը պիտի ունենան հետեւելու զիրենք հետաքրքրող տարբեր դասընթացքներու, որոնցմէ իւրաքանչիրը կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել 34էն մինչեւ 87 ժամեայ դասաւանդումներով, որոնց գլխաւոր լեզուն հայերէնը պիտի ըլլայ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել extension@aua.am հասցէին, իսկ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի գործունէութեան ծանօթանալու համար՝ այցելել www.syrianarmenianrelieffund.org կայքը։