«Երկիր».-Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան թուիթըրի եւ դիմատետրի էջերուն վրայ անդրադարձած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի երէկուան բացասական արձագանգ գտած յայտարարութեան: Էրտողան ըսած էր.«Նոյնիսկ եթէ քիւրտ է, իմ եղբայրն է, ան ալ մարդ է»:
Փայլան ալ, ի պատասխան այս արտայայտութեան, ըսած է. «Նոյնիսկ եթէ թուրք ես, ցեղապաշտ ես»:
ի դէպ, Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուած են նախագահին վիրաւորական խօսքեր ուղղած ըլլալնուն համար։ Սա նախատեսուած է թրքական օրէնսդրութեամբ: