«Երկիր».- 23 Յունիսին Իսթանպուլի մէջ երկրորդ անգամ տեղի ունեցան Տեղական Ինքնակառավարական Մարմինի ընտրութիւնները: Առաջին անգամ` 31 Մարտին համապետական ՏԻՄ ընտրութիւններուն ընթացքին Էրտողանի Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը դարձեալ Իսթանպուլի մէջ պարտուած էր ձայներու ջնջին` 13.000 քուէ, տարբերութեամբ: Սակայն կուսակցութեան բողոքէն ետք, արդիւնքները չեղեալ յայտարարուեցան, եւ երկրորդ ընտրութիւններու համար օր ճշդուեցաւ:
Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին: Քաղաքի 39 շրջաններուն մէջ տեղադրուած էին 31.342 քուէատուփեր:
23 Յունիսին տեղի ունեցած Իսթանպուլի ընտրութիւններուն, ըստ Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ընտրական Մարմնի հրապարակած տուեալներուն, ընդդիմադիր Հանրապետա-ժողովրդական Կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու ստացած է 4 միլիոն 741 հազար 868 ձայն (54,21%), իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմ` 3 միլիոն 935 հազար 453 ձայն (44,99%): Ընտրութիւններուն 10 միլիոն 570 հազար 354 ընտրողներէն մասնակցած է 8 միլիոն 925 հազար 63-ը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան շնորհաւորած է Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններուն յաղթած Հանրապետա-ժողովրդական Կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն:
«Կը փափաքիմ, որ Իսթանպուլ քաղաքի քաղաքապետի ընտրութիւններուն արդիւնքը Իսթանպուլի համար յաջողութիւններու առիթ ըլլայ: Ազգային իղձը այսօր եւս պարզ դարձաւ: Կը շնորհաւորեմ ոչ-պաշտօնական տուեալներով ընտրութիւններուն յաղթած Էքրեմ Իմամօղլուն», յայտարարած է Էրտողան:
Յայտենք, որ առայժմ արդէն հաշուարկուած են քուէներուն 99 տոկոսը, որուն համաձայն Իմամօղլուն ստացած է 54,03 տոկոս, իսկ Պինալի Եըլտըրըմ 45,09 տոկոս եւ 31 Մարտի ընտրութիւններու արդիւնքին համաձայն թեկնածուներուն միջեւ եղած 13.000 քուէի տարբերութիւնը այս ընտրութիւններուն արդիւնքով հասած է 777.581 քուէի: