«Երեւան».-23 Յունիսին  Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին յիշատակեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը:

Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի միաբանութիւնը, գլխաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցեցաւ Պատարագի սրբազան արարողութեան: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաբայեան:

Ս. Պատարագի արարողութեան ներկայ էին հայաստանեան թեմերու առաջնորդներ, Մայր Աթոռի տարբեր կառոյցներուն մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, այս օրերուն Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարուող միաբանական հաւաքի մասնակիցներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան, Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներ, Սփիւռքէն ու Հայաստանի տարբեր համայնքներէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ:

Ս. Պատարագի ընթացքին «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ Սուրբ Խորան բարձրացուեցաւ եւ Մուշեղ Սրբազանի կողմէն ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հայրապետական սրբատառ կոնդակը Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ու բարեզարդ պահպանութեան ի նպաստ կազմակերպուող համազգային հանգանակութեան առիթով:

Պատարագի սրբազան արարողութեան աւարտին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, Ս. Էջմիածինի մաղթանք կատարուեցաւ:

Ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը եւ եկեղեցականաց դասը աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի պայծառութեան, անսասանութեան եւ հայոց ազգի կեանքէն ներս իր սրբազան առաքելութեան արդիւնաւորման համար: