«Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ  ուղղած է Սթանպուլի մէջ տապալած մենիշխանութեան վրայ ժողովրդավարութիւն կառուցելու:

Ան Bianet լրատուական գործակալութեան Իսթանպուլի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներուն մասին իր արժեւորումը յայտնած է: Կարօ Փայլան ըսած է.«ԺԺԿ-ի ընտրողները այս անգամ նախկինէն աւելի վճռական էին: Սակայն, այս ընտրութիւններուն ամենակարեւոր այն էր, որ տապալեցաւ մենիշխանութիւնը: Այժմ ժողովրդավարութեան համար բոլորս միասին, ձեռք-ձեռքի տուած պէտք է պայքարինք: Պէտք է մէկ կողմ դնենք միջկուսակցական հարցերը, քիւրտ, թուրք, հայ ըլլալը եւ մենիշխանութեան տապալման վրայ կրկին ժողովրդավարութիւն կառուցենք` յանուն Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն»: