(Հինը անպայման հինցածն ու ժամանակավրէպը չէ։ Հին էջեր կան, որոնք ոչ միայն կ’ապրին նաեւ մեր օրերուն՝ իրենց անանց խորհուրդներով եւ պատգամներով, այլեւ լուսարձակի նշանակութիւն ունին մեր գալիքը հունաւորելու առումով)

 

«ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԿԵՐՏԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔՈՒՄ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻ ԿՈՌՈՒՄՊԱՑՈՒԱԾ ՈՒ ԾԱԽՈՒ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ»

 Հաւատանք կամ ոչ՝ Հայաստանի մերօրեայ վարչապետին կը պատկանի խորագրով բանաձեւուած Մայիս 28ի այս աստիճան այժմէական, ընկալունակ եւ պատմական նշանակութեամբ պատգամը։

Մեր սերունդներէն ո՛վ կրնար նախատեսել, որ Վրացեաններու եւ Աղբալեաններու գաղափարական կտակին այսքա´ն հարազատութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ տէր պիտի կանգնէր վերանկախացեալ Հայաստանի կառավարութեան թիւ մէկ ներկայացուցիչը եւ, Մայիս 28ն կերտած Արամներու Սերունդին ուղղելով իր խօսքը՝ ի լուր համայն հայութեան պիտի հաւաստիացնէր, որ՝

«Ձեր սխրանքներով պիտի ոգեշնչուած լինի Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր պաշտօնեայ, կառավարութեան անդամ թէ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, համայնքի ղեկավար թէ դատաւոր, եւ պէտք է հասկանայ, որ ասկետի (ճգնաւորի) կեանքով ապրած Արամ Մանուկեանի կերտած հայրենիքում տեղ չունի կոռումպացուած ու ծախու պաշտօնեան: Իւրաքանչիւր այսպիսի պաշտօնեայ դաւաճանում է Սարդարապատի հերոսներին եւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսների սխրանքներով ոգեշնչուած՝ մենք մեր հայրենիքում հաստատում ենք արդարութիւն, իրաւունքի գերակայութիւն եւ փոխադարձ յարգանքի ու օրինականութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւն»:

Ի զուր սփիւռքահայ մամուլը ընդհանրապէս անտարբերութեամբ եւ որոշապէս անտեսումով անցաւ Սարդարապատի մէջ 28 Մայիս 2019ին, Հանրապետութեան տօնին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած պաշտօնական ուղերձը յատկորոշող այս խորհուրդ խորինին վրայէն։

Պարզապէս հաւկուրութեան դատապարտուած են բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր կամ չեն կրնար տեսնել, ընդունիլ եւ խոստովանիլ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը թեւակոխած են ազգային-գաղափարական ինքնամաքրման պատմակերտ փուլ մը, ուր ամենայն հայոց իղձերու արտայայտիչ ազատ ու անկախ Հայաստանի ազգային կառավարութեան անունով եւ Մայիս 28ի առիթով՝ վարչապետ Փաշինեան աննախընթաց պայծառատեսութեամբ կը յայտարարէ.-

«… Մենք այսօր կանգնած ենք սուրբ հողի վրայ, որովհետեւ նաեւ այստեղ է հեղուել այն սուրբ արիւնը, որով ապրելու եւ լինելու իրաւունք է նուաճուել մեզ համար, մեր ժողովրդի ու նրա ինքնութեան համար։ Այստեղ հեղուած սուրբ արեան վրայ է կառուցուել մեր պատմութեան Առաջին Հանրապետութիւնը եւ այստեղ հեղուած սուրբ արիւնն է ապացուցել, որ հայ ժողովուրդը կենսունակ ժողովուրդ է, ապրելո´ւ ժողովուրդ է եւ նրա պատմութեանը վերջակէտ դնելու ցանկացած փորձ դատապարտուած է ձախողման:

«Ահա սա´ է ամենակարեւոր պատճառը, որ ամէն տարի Մայիսի 28-ին մենք միասին հաւաքւում ենք այստեղ, մենք գալիս ենք ասելու, որ գիտակցում ենք մեր պատմական պատասխանատուութիւնը Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսների առաջ, մենք գալիս ենք նաեւ բարձրաձայնելու, լուր տալու երեք ճակատամարտի հերոսներին, որ նրանց արիւնը իզուր չի հեղուել, որ նրանց սերունդներն այսօր հպարտ քայլում են այն նոյն հողի վրայ, որտեղ հանգչում են իրենք, որին նոր իմաստ ու բովանդակութիւն են հաղորդել իրենք՝ իրենց անասելի զոհողութիւններով ու սխրանքներով:

«Մենք գալիս ենք ասելու Առաջին Հանրապետութեան պետական այրերին, որ ահա ձեր բարձրացրած դրօշը թանգարանային նմոյշ չէ ամէնեւին, այլ ծածանւում է որպէս Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան թիւ մէկ խորհրդանիշ: Մենք գալիս ենք ասելու, որ նրանց գործը կենդանի է, նրանց երազանքն ապրում է եւ նրանց երազանքը պիտի իրագործուի:

«Հանգչէք խաղաղութեամբ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը կերտած նահատակներ, հանգչէք խաղաղութեամբ Առաջին Հանրապետութեան պետական այրեր, կառավարութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Առաջին Հանրապետութեան չորս վարչապետների՝ Յովհաննէս Քաջազնունի, Ալեքսանդր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան: Հանգչէք խաղաղութեամբ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը կերտած հրամանատարներ, պետական այրեր՝ Արամ Մանուկեան, Թովմաս Նազարբէկեան, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեան, Դրաստամատ Կանայեան, Մովսէս Սիլիկեան, Քրիստափոր Արարատեան, Պօղոս Բէկ-Փիրումեան, որովհետեւ ձեր սխրանքը, ձեր գործը տէր ունի այսօր:

«Եւ ուրեմն՝ կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛ն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսները, կեցցե՛ն Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերը, կեցցե՛նք մենք և մեր երեխաները, որ ապրում եւ ապրելու ենք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում»։

Անմիջապէս հարց կը ծագի, բնականաբար, որ խորհրդային դարաշրջանին՝ թէկուզեւ Հայաստանի մէջ կազմաւորուած հայ պետական գործիչը ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այսօրինակ խորիմացութեամբ հաղորդուեցաւ Արամ Մանուկեանի աւանդով։ Արդեօք առիթը ունեցա՞ւ կարդալու Արամի անաւարտ մնացած օրագիրը կամ ո՞վ Նիկոլ Փաշինեանին յուշեց, թէ Սերգէյ Յովհաննիսեանը ողն ու ծուծով դրօշակիրներէն է բռնամիջոցները՝ արիւնահեղութիւնը մերժող ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ էութիւնն ու զօրութիւնը ժողովուրդին մէջ փնտռող, այլեւ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ամենազօրութեան հաւատացող գաղափարական հոսանքին, որ հայ իրականութեան մէջ միս ու ոսկոր կապեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմակշիռ ԱՒԱՆԴով։

Պարզ ու հակի´րճ. հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթին էապէս հաղորդ չեն կրնար ըլլալ, այլ լաւագոյն պարագային միայն լուսանցքային ընկալումով կրնան լսել վաղուան մեր արշալոյսներուն… ոտնաձայնները, եթէ չեն անդրադառնար, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մայր ակունքէն կը ներշնչուի Նիկոլներու այն երազանքը, թէ՝

«Արամ Մանուկեանի կերտած հայրենիքում տեղ չունի կոռումպացուած ու ծախու պաշտօնեան»։

Խօսքը կը վերաբերի Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը կարգի բերելու Սրբութիւն Սրբոցին, որ հոսանքն ի վեր թիվարելու յեղափոխական ոգորումով կը կռանէ միտքն ու խիղճը Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան զինուորագրուած իրա՛ւ նուիրեալներուն։

Նաեւ՝ Ազգային Ինքնամաքրման բովէն անցնելու մարտահրաւէրով կը պայմանաւորէ միասնութիւնն ու միասնականութիւնը մեր ժողովուրդի գաղափարական հոսանքներուն, հասարակական շարժումներուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն։

Հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ այս կիզակէտին կը յղուի «Արամ Մանուկեանի կերտած հայրենիք»ին համար Հայաստանի վարչապետին ճշդած առաջնահերթութիւնը։

 

*

*   *

 

Յատկանշական եւ խօսուն գաղափարական զուգահեռ մը իր տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ այս կէտին։

Քառորդ դարու հեռաւորութենէն ազգային-քաղաքական եւ դաշնակցական-գաղափարական իր կտակը կը յուշէ ատենի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի տարաբախտ ներկայացուցիչը՝ ընկեր Հրայր Մարուխեան, որ 1994-ի մահացու իր կաթուածահարութենէն քանի մը ամիս առաջ, «Գանտիի պայքարի փիլիսոփայութեան դիմելով՝ զգաստութեան հրաւիրել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւոր այրերին» խորագրով եւ իր կարապի երգը հանդիսացող ուշագրաւ հրապարակումով՝ «Ազատամարտ»ի նոյն տարուան թիւ 3-ին մէջ կը պատգամէր.-

«…Մեր ժողովրդին նոր գահավիժումներից փրկելու միակ միջոցը կը մնայ անզէն, կը կրկնենք՝ անզէն ըմբոստացումը բոլոր ճակատների վրայ՝ ի Սփիւռք եւ ի Հայաստան։

«Այո´, դժուար գործ է, շատ դժուար՝ ե´ւ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի նուիրական պայքարին, ե´ւ օգնել հայրենիքի ինքնապաշտպանութեան բանակին եւ միաժամանակ մեծ դեմոկրատ Գանտիի «մեթոտիկան»՝ բռնամերժ պայքարի փիլիսոփայութիւնը կիրառել իբրեւ ընդդիմութեան ազդու միջոց։ Ուրիշ ելք չի մնում։ Այս ընթացքով՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կործանումից կործանում, նահանջից նահանջ է տանում մեր ժողովրդին։

«Պէտք է իշխանութիւններին զգաստացնելու եւ ժողովրդին պահանջատէրի հոգեվիճակի մէջ մտցնելու վճռական քայլերի դիմել՝ կառչելով Գանտիի պայքարի փիլիսոփայութեան»։

Ընկեր Հրայրի պարզած համաժողովրդային անզէն ըմբոստացման դրօշն ալ, այդ ժամանակ, թիրախ դարձաւ անտեսումի ձայներու, որոնք Հայաստանին եւ հայութեան սպառնացող արտաքին վտանգներուն շարունակ յղում կատարելով՝ կը փորձէին հիմնաւորումներ եւ պատճառաբանութիւններ փնտռել, որպէսզի կարենան հայ քաղաքական միտքը տագնապեցնող գլխաւոր օրակարգէն՝ Հայոց Պետական Տունը կարգի բերելու հրամայականէն եւ ներքին ցեցերէն ձերբազատուելու ինքնամաքրման կիզակէտէն շեղել ժողովրդային դժգոհութեան եւ բողոքի բուռն ալիքին թիրախը։

Փաստօրէն հայրենի հայութեան մերօրեայ թաւշեայ յեղափոխութիւնը կանխած տասնամեակներու՝ քառորդ դար առաջուան փտտած իշխանութեանց գործած աւերն ու պատճառած աղէտը ի մտի ունէր ընկեր Հրայր, երբ բառերը առանց ծամծմելու իր յօդուածին սկիզբը կը յայտարարէր՝

«Հայաստանի Հանրապետութեան ամրակայման գործընթացին ճակատագրական հարուած է հասցնում, է´ն առաջ, հէնց ինքը՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը»։

Անշուշտ, ազգային-քաղաքական եւ կառավարման դրութեան համապարփակ բարեկարգումի ընդգրկուն ծրագրի մը հրամայականը շեշտելու կը ծառայէր ատենի մեր ներկայացուցիչին ծրագրային այդ յօդուածը։ Այդուհանդերձ՝ հայ քաղաքական մտքի այսօրուան կիզակէտին ուղղակիօրէն առնչակից էր, ծաւալուն յօդուածի տարբեր հատուածներուն մէջ, հետեւողականօրէն գլուխ ցցող խարազանումը՝ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ յամեցող քաղաքական փախտի հասցէին.-

«…Սուր կերպով ներկայացող անհրաժեշտութիւն է, որ իշխանութիւնը օր առաջ հայկական մաֆիայի ազդեցութեան դէմ համապատասխան քայլերի դիմէ, որովհետեւ Հայաստանում ծաւալուող սոցիալական բարդութիւնների կարեւոր պատճառներից մէկն էլ մաֆիայի տնտեսական օղակների հետ սերտօրէն աղերս ունեցող իշխանաւոր այրերի յոռի եւ ապազգային բարքերն են։

«Վերոյիշեալը՝ անյետաձգելի մի գործ է, ազգի ապագայի հետ առնչուած լուրջ հարց է, զոր կարելի է իրականացնել եւ պէ´տք է առանց ուշացումի այդ ուղղութեամբ քայլեր առնել»։

Որպէսզի դաշնակցական մտքի կիզակէտին հետ ուղղակի գաղափարական պորտակապի իր նշանակութիւնը աւելիով յստակացնէ «Արամ Մանուկեանի կերտած հայրենիք»ին վերաբերեալ այժմու Հ.Հ. վարչապետին գլխաւոր առաջադրանքը, կ’արժէ աստիճան մը աւելի խորանալ ընկեր Հրայրի հետեւեալ ախտորոշումին վրայ.-

«Նորանկախ մեր հայրենիքի մէջ, հակառակ վերոյիշեալ տողերով ընդգծուած կարեւորութեան, ներքին գործոց նախարարութեան մարզը ոչ միայն վերածուած է յետին հաշիւներ հետապնդող մի խաւի իշխանութեան ամրակայման միջոցի, ոչ միայն բոլշեւիկեան բարքերի մէկ այլ տարբերակն է, որ հետզհետէ համակում է այդ մարզում կեանքի կոչուած կադրերն ու կառոյցները, այլ նաեւ՝ ապականութեան դէմ դնելու կոչուած, խուլիգանիզմը ջախջախելու պարտականութիւն ունեցող, երկրի մէջ կարգ ու կանոն պահպանող եւ օրէնքների իշխանութեան ուժ տալու գլխաւոր առաքելութիւնը ունեցող այս նախարարութիւնը վերածուած է հայրենաբնակ մեր ժողովրդի գլխին կախուած չարիքի։

«Հայաստանի մէջ որեւէ դրական նախաձեռնութեան զուգահեռ՝ հիմնովին փոփոխութեան պէտք է ենթարկել ներքին գործոց նախարարութեան կառոյցները, անկաշառ եւ առողջ կադրերով օժտել նրա զանազան հաստատութիւնները եւ դեմոկրատիկ երկրների մէջ ընդունուած նորմերի վրայ հաստատել նրա մեխանիզմները։ Գերարդիական այդ կառոյցների, ինչպէս նաեւ կադրերի դաստիարակութեան եւ արեւելումին համար պատրաստուած մասնայատուկ ծրագրի հիմամբ՝ պէտք է Ն.Գ.նախարարութեան ամբողջ մարզը եւ ենթամարզները բարենորոգումի ենթարկելով՝ քայլ առ քայլ նրան տալ յարգանք պարտադրող ե´ւ էութիւն, ե´ւ դիմագծութիւն։

«Այս մարզն էլ ըստ ամենայնի ազդու եւ պատուաբեր վիճակի մէջ դնելու բոլոր կարելիութիւնները առգոյ են հայ իրականութեան մէջ։ Միասին՝ շատ բան կարող ենք անել. հատուածական եւ շահակցական տրամադրութիւնների գերին դարձած Իշխանաւոր այրերով՝ ոչինչ։ Քանի դեռ այս խիստ կենսական դերակատարութեան կոչուած նախարարութիւնը մեր նորանկախ հայրենիքի մէջ դիկտատորեալ կառոյցների հաստատման իր ամբողջական տուրքը չէ տուած, քանի դեռ հարցը «խելագարուած» ամբոխների դատաստանին չէ հասած եւ քանի դեռ ուշ չէ՝ պէ´տք է ձեռք-ձեռքի տալ եւ հայրենիքը մերօրեայ քաոսից դուրս բերել»։

Անհեթեթ է խորհիլ, մանաւանդ Հ.Յ.Դ. ատենի Բիւրոյի ներկայացուցիչին հաշւոյն նախատական է ճշգրտել փորձել, թէ ընկեր Հրայրի ի մտի ունեցած «Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը» Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վարչախումբն էր, մինչդեռ Նիկոլ Փաշինեանի ակնարկութիւնը կը վերաբերի Ռոբերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի վարչախումբներուն։

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի կենդանութեան՝ մէկ ու միեւնոյն խմբակազմին մասնակից էին երեք գործիչներն ալ, որոնք ընտրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ։ 1989-ի Դեկտեմբերէն սկսեալ, խնդրոյ առարկայ երեք գործիչներն ալ Հայոց Համազգային Շարժման մաս կը կազմէին եւ Հայաստանի թէ Արցախի Հանրապետութեանց մէջ ընկեր Հրայր, բոլորիս հետ միասին, ցմրուր ճաշակեց անոնց քաղաքական-հատուածապաշտ այլամերժութեան եւ ինքնակեդրոնութեան դառնահամ, այլեւ թունաւոր բաժակը…

Հրայր Մարուխեանի «հին էջ»ին եւ Նիկոլ Փաշինեանի «նոր լուսարձակ»ին կատարած ախտորոշումներուն միջեւ գաղափարական տարակարծութեան կամ քաղաքական ներհակութեան խնդիրներ գոյութիւն չունին։ Զանոնք կը միացնէ ու կը միաւորէ համազգային միեւնոյն մտասեւեռումը, որ կը հաւատայ ու կը կառչի այն առաջադրանքին, թէ՝

– «Հայաստանի մէջ հիմնովին փոփոխութեան պէտք է ենթարկել ներքին գործոց նախարարութեան կառոյցները, անկաշառ եւ առողջ կադրերով օժտել նրա զանազան հաստատութիւնները եւ դեմոկրատիկ երկրների մէջ ընդունուած նորմերի վրայ հաստատել նրա մեխանիզմները։

– «Արամ Մանուկեանի կերտած հայրենիքում տեղ չունի կոռումպացուած ու ծախու պաշտօնեան»։

Քառորդ դարու հեռաւորութեամբ բանաձեւուած զոյգ առաջադրանքները պարզապէս կ’արձագանգեն իրարու եւ մայր հունի մէջ կը պահեն երթը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրումին, որ կ’անցնի հայ կեանքի ներքին ցեցերէն ձերբազատուելու վճռորոշ փուլէն։

Ինքնամաքրման եւ առողջ ուժերով միաւորման փուլ, որուն մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար Հրայր Մարուխեան կը շեշտէր Կանտիի քարոզած եւ իրագործած ժողովրդային անզէն ըմբոստացման հրամայականը, իսկ Նիկոլ Փաշինեան իր առաջնորդած թաւշեայ յեղափոխութեան նուաճած համաժողովրդային վստահութեան դրամագլուխով՝ կ’առաջադրէ Արամներու Սերունդին առջեւ համազգային ինքնահաւատարմութեան մեր հաւաքական ուխտն ու միասնականութիւնը վերանորոգել։

 

Նազարէթ Պէրպէրեան