«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր եւ համաատենապետ Ֆրենք Փալօն Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած քաղաքական խաղաղ անցումը, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան «ռազմավարական գործընկերութիւնը» եւ կոչ կ՛ուղղէ զարկ տալու քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ բարգաւաճման նպատակով երկկողմանի գործակցութեան:

Հանրապետական եւ ժողովրդավարական քոնկրէսականներու աջակցութիւնը վայելող բանաձեւին նեցուկ կը կանգնին նաեւ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխնախագահներ Փիթըր Քինկ ու Էտըմ Շիֆ:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց բանաձեւը, զայն նկատելով Ամերիկա-Հայաստան ապագայ յարաբերութեան սերտացման նպաստող եւ ամերիկացի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելուն նպաստող քայլ մը։

«Անցնող մէկ տարուան ընթացքին, Հայաստան փոխակերպուեցաւ՝ շնորհիւ այն ժողովրդային շարժումին, որ վերածուեցաւ ոչ բռնի՝ «Թաւշեայ յեղափոխութեան», որուն յաջորդեցին Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւնները: Այս պատմական իրադարձութիւնները վկայութիւնն են ժողովրդավարութեան նկատմամբ Հայաստանի ժողովուրդի հաւատարմութեան եւ ցոյց կու տան, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Նահանգները աշխուժացնէ Փաշինեանի կառավարութեան հետ շփումները», ըսաւ Փալոն՝ աւելցնելով. «Ներկայիս Հայաստան կը գտնուի վճռական հանգրուանի մը մէջ, երբ ամերիկեան աջակցութիւնը կրնայ օժանդակել ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու աճին։ Մօտէն պիտի համագործակցիմ Հայկական համախմբումի միւս անդամներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ, որպէսզի բանաձեւը վաւերացուի։ Պիտի շարունակեմ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացման ի նպաստ ջանքերս»:

Բանաձեւին մէջ ակնարկ կայ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց պատմութեան մասին եւ կը նշուի, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Ուաշինկթընի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած էր 23 Ապրիլ 1920ին։

«Մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, Ամերիկայի՝ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչնալու որոշումէն ի վեր, երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական գործընկերութիւն», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ, ուր կը նշուի նաեւ Աֆղանստանի, Իրաքի, Լիբանանի, Քոսովոյի եւ Մալիի մէջ Ամերիկայի կողմէ ղեկավարուող խաղաղապահ ուժերուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան փաստը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն Հայաստանի կառուցողական մասնակցութիւնը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ, որ Ուաշինկթըն առաջնորդողի դեր ստանձնէ Հայաստանին օգնելու հարցին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ ամրապնդել արձանագրուած յառաջխաղցքը, «որուն համար պէտք է զարկ տալ երկկողմանի այցելութիւններուն, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ քննարկումներուն եւ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ գործակցութեան»։

«Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ու քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումը ապահովելու գործին մէջ Ամերիկայի աջակցութիւնը առիթ պիտի ընծայէ զարգացնելու երկու երկրներուն միջեւ պատմական բարեկամական կապերը», կ՛եզրակացնէ բանաձեւը։https://www.arfd.am/news/15333/