«Երկիր».-ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ բողոքի ցոյց կատարեցին խորհրդարանի շէնքին առջեւ. անոնք դէմ են եկամտահարկի համահարթեցման սկզբունքին:
Յիշեցնենք, տակաւին անցնող շաբաթ նախաձեռնութեան անդամները Ազգային Ժողովի բակին մէջ գիշերելով նստացոյց իրականացուցած էին: Անոնք կը խոստանան իրենց բողոքի ցոյցերը շարունակել մինչեւ ՀՀ խորհրդարանը քննարկէ ու քուէարկութեան դնէ Հարկային օրէնսգիրքը:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը` «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները, յայտարարած են, որ օրինագիծին դէմ կը քուէարկեն: Ըստ անոնց, Հարկային օրէնսգիրքին բարեփոխումները կը պահանջեն առարկայական նոր մօտեցումներ, որոնց կիրառումով պէտք չէ խախտուի արդարութեան սկզբունքը: