«Արմէնփրէս».- ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեանին Վրաստանի գործընկերը` Նինօ Լոմճարիան, տեղեկացուցած է, որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին ձերբակալուած Հայաստանի քաղաքացի Մինաս Մինասեան ազատ արձակուած է․ ան որեւէ բողոք կամ այլ խնդիր չէ ներկայացուցած:

Մինաս Մինասեանի բանտարկութեան ընթացքին Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմէն մշտական կապի մէջ  եղած են անոր մօտիկ ազգականներուն եւ ծնողքին  հետ:

Վրաստանի գործընկերները առանձին վարոյթ կատարած են, այցելած են անոր ու  անընդհատ կապի մէջ եղած են Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմին հետ:

Արման Թաթոյեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Նինօ Լոմճարիային համագործակցութեան ու Հայաստանի քաղաքացիի իրաւունքներու երաշխաւորման ուղղութեամբ ցուցաբերած հետեւողականութեան համար: