Ermenihaber.am-էն  կը տեղեկանանք, որ 25 Մարտին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած անձանց հարցերու աշխատանքային խումբը հարցադրում  յղած է Թուրքիոյ կառավարութեան 1915-1923թթ. հարկադիր տեղահանուած հայերուն ճակատագրին մասին:

Ըստ ՄԱԿ-ին, Մարդու Իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնական կայքին մէջ  հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ` ՄԱԿ-ի Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու եւ ՄԱԿ-ի Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերու յատուկ զեկուցողները համատեղ հարցադրում  ներկայացուցած են եւ միջնորդած են, որպէսզի Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիրքորոշում յայտնէ ներկայացուած հարցապնդման մասին:

Փաստաթուղթին մէջ տեղ  գտած են մասնաւորապէս հետեւեալ հարցադրումները.

  1. Թուրքիոյ կողմէն ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են 1915-1923թթ. ընթացքին բռնի ներքին տեղահանութեան, կալանաւորման, արտադատական սպանութիւններու եւ հարկադրաբար անհետացման ենթարկուած հայերուն ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը պարզելու համար:
  2. Ին՞չ միջոցներ ձեռնարկուած են ապահովելու համար այդ իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը իմանալու տուժածներու եւ, ընդհանուր առմամբ, հասարակութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար արդարութեան եւ կրած վնասի հատուցման տուժածներու իրաւունքը:3. Ին՞չ միջոցներ ձեռնարկուած են այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքով զոհուած հայերու մարմինները գտնուելու վայրերը յայտնաբերելու համար:4. Տեղեկատուութիւն տրամադրել 2017-ին օրէնսդրութեան ընդունման պատճառներուն մասին, որ օրէնսդիրներուն կ’արգիլէ որոշակի արտայայտութիւններ կատարել: Պարզաբանել, թէ ինչպէս կը համատեղուի մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքին հետ, մասնաւորապէս Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի (ՔՔԻՄԴ) 19-րդ յօդուածին հետ:

    5. Ներկայացնել մանրամասն տեղեկատուութիւն հայերուն դէմ իրականացուած յանցագործութիւններուն մասին յայտարարութիւններ ընող անձանց պատժելու նպատակով Քրէական օրէնսգիրքին 301-րդ յօդուածի կիրառումի պարագաներուն:

    ի դէպ, փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ տրուած է 60 օր ժամանակ վերոնշեալ հարցադրումներուն պատասխանելու համար: ՀԲԸՄ-ի կողմէն տարածուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը շրջանառուի այն տեղեկութիւնը, որ թրքական կառավարութիւնը 17 Մայիսին կտրականապէս հրաժարած է պատասխանել այդ հարցումներուն`  ի հակադրութիւն ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան ընթացակարգերուն:

    իրավիճակը յստակեցնելու նպատակով Ermenihaber.am-ը հարցում  կ’ուղարկէ  թէ թրքական կողմին եւ թէ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին` խնդրելով տեղեկութիւն տրամադրել վերոնշեալ հարցադրումներուն Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցաբերած արձագանգին մասին: