«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան 24 Յունիսին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անուար Խալիլ, Հանի Քպայսի եւ Իպրահիմ Ազար:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ պատիւը ունին ընդունելու Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները, որոնք ներկայացուցած են ընտրական նոր օրինագիծը:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն պիտի սերտէ նոր օրինագիծը` աւելցնելով, որ Կեդրոնական կոմիտէն երեք շաբթուան ժամկէտ պահանջած է Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքէն` լաւապէս սերտելու համար այդ օրինագիծը:

«Սկզբունքով ներկայացուած ընտրական օրինագիծը շատ աւելի լաւ է ներկայ ընտրական օրէնքէն, այլ խօսքով` 1960-ի ընտրական օրէնքէն, սակայն ան կը բովանդակէ կարգ մը բացթողումներ, որոնք պէտք է զարգացնենք եւ մտածենք ընտրական այնպիսի օրէնքի մը մասին, որ աւելի համահունչ է Թաէֆի համաձայնագիրին եւ աւելի նման է` երկրին սահմանադրութեան», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Իր կարգին, Խալիլ յայտնեց, որ իրենց համար պատիւ է այցելել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին, ինչպէս նաեւ ուրախ առիթ մըն է քննարկելու ընտրական նոր օրինագիծը ու անոր վերաբերող դիտողութիւնները` նկատի ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն խորհուրդը, որ տրամաբանական չէ ընտրական օրէնքին վաւերացումը մետասաներորդ պահուն ձգել:

Խալիլ ըսաւ, որ ընտրական այդ օրինագիծը կարեւոր է, որովհետեւ ժողովուրդին եւ քաղաքական ուժերուն համար ծրագիր մըն է:

«Խորհրդարանի նախագահը կը հաստատէ, որ հայրենիքին եւ համայնքին միջեւ ինք կը զօրակցի հայրենիքին, եւ այդ պատճառով ալ մշակած է ընտրական այս օրինագիծը: Անշուշտ մենք տակաւին կը գտնուինք խորհրդակցութիւններու փուլին մէջ», ըսաւ Խալիլ:

Ան աւելցուց, որ ընտրական այս նոր օրինագիծին համաձայն, Լիբանանը կը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի, իսկ խորհրդարանին անդամներուն թիւը` 128 առաւել 6, որոնք պիտի ներկայացնեն արտերկրի լիբանանցիները, այսինքն` 134 երեսփոխանները հաւասարապէս կը ներկայացնեն իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները, ըստ երկրին սահմանադրութեան:

Խալիլ նկատել տուաւ, որ ընտրական նոր օրէնքին համաձայն, համամասնական դրութիւնը կ՛որդեգրուի համայնքներուն պարագային:

Ան յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը երկրին սահմանադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկած, այլ` յանձնարարած է քուէարկութեան պարագային որդեգրել համամասնական դրութիւնը եւ ոչ թէ մեծամասնականը:

Խալիլ նշեց նաեւ, որ ընտրական նոր օրինագիծին համաձայն, կիներու ներկայացուածութեան յատկացուած է 128-էն 20-ը կին երեսփոխան ունենալու չափաբաժին մը, իսկ քուէարկութեան տարիք ճշդուած է 18-ն, որպէսզի երիտասարդները իրենց կարգին մասնակցին հայրենիքի կերտման աշխատանքին:

Խալիլ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրինագիծին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի հսկէ անկախ խորհուրդ մը, որ ներքին գործոց նախարարութեան ենթակայ չէ, անոր մաս չի կազմեր, հետեւաբար անոր հրահանգներուն չ՛ենթարկուիր:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող անկախ յանձնախումբը պիտի բաղկանայ ինը անդամներէ, որոնք կ՛ընտրուին նախարարաց խորհուրդին կամ խորհրդարանին կողմէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ասիկա կը ճշդուի քննարկումի ընթացքին:

Խալիլ իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումը եւ շեշտելով, որ քննարկումին ընթացքին ներկայացուած են կարեւոր դիտողութիւններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Ան աւելցուց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը իր այցելութիւնները պիտի շարունակէ խորհրդարանի բոլոր պլոքներուն, որպէսզի խորհրդակցի անոնց հետ եւ իմանայ նաեւ անոնց կարծիքը` ընտրական նոր օրինագիծին մասին: