Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արամ Մանուկեան Ժ.Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիա-Հայաստան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գոյութեան Մարտահրաւէր. Սուրիոյ Հայութիւնը 2011-2018» գիրքին շնորհանդէսը, որուն ընդմէջէն գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուեցաւ հայ եւ արաբ հանրութեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Սուրիական Հանրապետութեան Մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրտտին Հասունի ներկայացուցիչ Շէյխ Ապտըլ Ռահման Հասուն, Հալէպի նահանգապետ Հասան Տիապի ներկայացուցիչ Ահմատ Եասին, Հալէպի նահանգապետի քարտուղար Ճորճ Պախաշ, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի նախագահ տոքթ. Մաատ ալ Մատլաճիի ներկայացուցիչ Հասան Քաատէ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, քահանայ հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր սրբազանին հովանաւորած առաջին ձեռնարկի ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ Լեւոն Զաքի Ետալեանի երկու հրատարակութիւններուն յաջորդող այս երրորդ ողջունելի հրատարակութեան ու ըսաւ. «Հեղինակը գիրքին մէջ կը շեշտէ սուրիահայութեան դերը եւ մանաւանդ արաբ ընթերցողին իրազեկ կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ հայութեան ունեցած ստեղծագործ ներկայութեան, ի մասնաւորի պատերազմի տարիներուն»:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց լրագրող Քինանա Ալլուշ: Ան անդրադարձաւ յատկապէս պատերազմի տարիներուն սուրիահայերու հաւատարիմ կեցուածքին, որ դրսեւորուեցաւ Սուրիական Հայրենիքին կառչած մնալով, դէմ դնելով դժուարութիւններուն ու Թուրքիոյ Էրտողանեան ծրագրերուն: Ըստ Քինանայի, այս վերջինին նպատակն էր հայերը անգամ մը եւս տեղահան ընել ու պատմութեան նոյն դաժան դէպքերը կրկնել՝ տարբեր դիմագիծով: Ալլուշ ըսաւ. «Հաւանաբար թուրքը մոռցած է, որ Սուրիան հայուն համար հայրենիք է, ոչ թէ սոսկ կայարան մը, զոր կը լքէ վատ պայմաններու տակ: Հայրենիք, որուն կը պատկանի հայը դարերէ ի վեր, իսկ իր ներկայութիւնն ու ներդրումը իւրայատուկ ու շինիչ դեր ունեցած են ու կ’ունենան մինչեւ այսօր, այլազան մարզերու մէջ»:
Կրթական մշակ Արա Մութաֆեան համառօտ ներկայացումը կատարեց գիրքին, որուն նախաբանը գրած է ՀՀ Սուրիոյ նախկին դեսպան Արշակ Փօլատեան: Ան դիտել տուաւ, որ հեղինակը գիրքի բաժիններուն մէջ կ’անդրադառնայ Սուրիոյ մէջ հայութեան արմատներուն, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան բերած ներդրումին Սուրիոյ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, զինուորական եւ այլ մարզերուն:
Մութաֆեանի համաձայն, գիրքի հարուստ բովանդակութեան տարբեր բաժիններուն մէջ Ետալեան կ’անդրադառնայ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն, Արցախին, Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան: Իսկ վերջին բաժիններուն մէջ կու գայ բացայայտնել Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին՝ Էրտողանի, դաւադրական դերակատարութիւնն ու թաքուն ծրագրերը ընդդէմ Սուրիոյ եւ նորօսմանեան ղեկավարներու աջակցութիւնը Սուրիոյ ընդդիմութեան:
Գեղարուեստական բաժինով Աւօ Ալեքսանեան (կիթառ) նրբաճաշակ կատարումով հրամցուց «Ախպէրս ու Ես» ստեղծագործութիւնը, իսկ Անժելա Սեմէրճեան-Յակոբեան (դաշնամուր)՝ «էլեկիա»ն:
Ապա խօսք առաւ գիրքի հեղինակ, գործարար, ուսումնասէր Լեւոն Զաքի Ետալեան, նախ շեշտելով, որ սուրիահայուն համար, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան, Սուրիան հայրենիք եւ ծննդավայր կը մնայ: Ետալեան դիտել տուաւ, որ հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան արդիւնքով չէ յառաջացած, հայութիւնը դարեր շարունակ անբաժան մէկ մասնիկը եղած է սուրիական ընկերութեան, այս իսկ պատճառով սուրիահայերը իրենց կարողութիւնները ի սպաս դրած են Սուրիական Հայրենիքի ծառայութեան՝ առանց ակնկալութեան:
Հեղինակը Եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիահայութեան Սուրիա ծնիլը ճակատագիր էր, բայց այստեղ մնալն ու զայն հայրենիք սեպելը՝ որոշում: Այս որոշումը սիրայօժար ու ազատ կամքով առինք՝ առանց որեւէ պարտաւորիչ հանգամանքներու: Հպարտ եմ Հայաստանով եւ սուրիահայ ըլլալով ու կը խոստանամ հաւատարիմ մնալ Սուրիական Հայրենիքին:»
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը: Ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս.-ը իր հովանաւորած առաջին ձեռնարկին ուրախ առիթով արտասանեց իր սրտի խօսքը նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով: Ան գիրքին խորագիրէն մեկնելով ըսաւ. «Սուրիոյ տագնապի օրերուն, սուրիական հողին ձեր կապուածութիւնն ու մինչ օրս ապառաժեայ կամքով գոյատեւումը խթան հանդիսացան, որպէսզի հովուական ծառայութիւնս այստեղ մատուցեմ»: Ան զուգահեռներ գծեց ցեղասպանութեան օրերուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեանց ու Սուրիոյ տագնապի դժուարութիւններուն միջեւ, շեշտելով, որ սուրիահայութիւնը կրկնակի կերպով կրեց այս տաժանելի ցաւը: «Սուրիան գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, որոնք յարութիւն առին Սուրիոյ մէջ, ուստի մեր պարտքն է մասնակցիլ անոր բարգաւաճումին», ըսաւ սրբազան հայրը, յորդորելով թափ տալ սուրիահայութեան նիւթական, ոգեղէն եւ մտաւոր վերականգնումին:
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Այնուհետեւ հեղինակը մակագրեց ներկաներուն նուիրած իր գիրքերը, հրաւիրեալները ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրասիրուեցան եւ զրուցեցին գիրքին բովանդակութեան շուրջ:

Սեւանայ Հալլաճեան