Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ին, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ նոր քաղաքապետի վերընտրութիւնը: Քաղաքի 39 շրջաններուն մէջ քուէարկութեան մասնակցեցաւ 10.560.963 ընտրող:
Ընդդիմադիր Հանրապետա-ժողովրդական Կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու յաղթանակ արձանագրեց՝ ապահովելով 4.741.868 ձայն, քուէներուն 54,21% առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմ՝ 3.935.453 ձայն, քուէներուն 44,99 առ հարիւրը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Եըլտըրըմ ընդունեց պարտութիւնը շնորհաւորելով իր մրցակիցը:
Յիշենք, որ Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական յանձնախումբը նախագահ Էրտողանի պահանջին ընդառաջելով, որոշեց 31 Մարտին տեղի ունեցած նախկին քուէարկութիւնը չեղեալ համարել եւ կրկնել ընտրութիւնները: Օրին թեկնածուներուն միջեւ քուէներու տարբերութիւնը 13.000 ձայն էր, եւ ընդդիմադիրները զայն «յանուն ժողովրդավարութեան արձանագրուած յաղթանակ» համարած էին: Այս ընտրութեամբ քուէներու տարբերութիւնը հասած է 777.581 ձայնի: