Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ շուրջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի շրջագիծէն ներս, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի շեշտեց, որ ոչ մէկ պետութիւն ձեռնածալ կրնայ մնալ, երբ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ իր երկրէն տարածքներ կը գրաւեն, քաղաքացիները իբրեւ մարդկային վահան կ’օգտագործեն եւ հրթիռներու ենթակայ կը դարձնեն զիրենք ու շրջանի գիւղերը, շեշտելով, որ Սուրիա եւս պարտաւոր է պաշտպան հանդիսանալ իր քաղաքացիներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ։
Ճաաֆարի յայտնեց, որ Սուրիոյ մարդասիրական վիճակին շուրջ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարին զեկոյցը Սուրիոյ ժողովուրդին շահերուն եւ ապահովութեան հետ առնչութիւն իսկ չունէր, ան հակասուրիական պետութիւններու անձնական շահերուն կը ծառայէր։ Այս բոլորը կը ձգտին Սուրիոյ կառավարութեան աշխատանքը նսեմացնել, զայն ամբաստանել եւ հակասուրիական տրամադրութիւններ ստեղծել, փոխանակ կառավարութեան հետ գործակցութեան եւ հարցերու լուծման միջոցներ որոնելու։
Սուրիոյ բանագնացը աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի զեկոյցը պատրաստողները միշտ ալ բաւարարուած են հակիրճ տեղեկութիւններու ներկայացումով, զանց առնելով ողբերգական դէպքերը եւ Միջազգային Դաշինքին, թրքական ուժերուն եւ անոր գործակալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Ռաքքայի, Հաճինի, Պաղօզի, Տէր Զօրի, Թալ Ռաֆաաթի, Մունպուճի եւ այլ շրջաններու մէջ գործած ոճիրները։ Ճաաֆարի յիշեց նաեւ ԱՄՆ-ի ուժերուն կայք հաստատած սուրիական շրջաններու, ինչպէս օրինակ Մուխայամ Ռուքպանի եւ Մուխայամ ալ Հաուըլի, քաղաքացիներուն ողբալի վիճակը։