Սուրիական մամուլի այս շաբթուան էջերուն մէջ կը կարդանք.
-Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2019-ին, Ժողովրդավար Քուրիայի մայրաքաղաք Փիոնկ Եանկի մէջ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ իր քուրիացի պաշտօնակից Ռի Եոնկ Հույի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան զոյգ երկիրներուն պատմական եւ բարեկամական յարաբերութեան եւ զայն զարգացնելու միջոցներուն, յատկապէս՝ տնտեսականին, որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն վրայ:
Հանդիպումին ընթացքին Մուալլէմ շեշտեց, որ Սուրիան նեցուկ կը կանգնի Քուրիային՝ ամերիկեան թշնամական քաղաքականութեան ու բռնատիրութեան դէմ իր պայքարին մէջ:
Իր կարգին Եոնկ Հու ըսաւ. «Վստահ ենք, որ Սուրիա յաղթանակ պիտի արձանագրէ Իսրայէլի դաշնակից ԱՄՆ-ին եւ անոր գործակալ պետութիւններուն դէմ»:
Այնուհետեւ, նախարարները փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրեցին՝ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական խորհրդատուութեան յանձնախումբ մը կազմելու, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ եւ Քուրիոյ գործակցութեան ամրապնդումը:
-Քաղաքական գետնի վրայ, սուրիական «Սաուրա» թերթը յայտնեց, որ Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ԱՄՆ-ի վարչակազմին կողմէ առնուած այն որոշումը, որ թիրախ կը դարձնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այս որոշումը ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ թշնամական քաղաքականութիւն կ’որդեգրէ բոլոր այն պետութիւններուն դէմ, որոնք չեն ենթարկուիր գերպետութիւններու կամայականութեանց»:
Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ Սուրիա կը վեահաստատէ իր ամբողջական աջակցութիւնը Իրանի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին, դիտել տալով, որ նման քայլեր ապարդիւն պիտի մնան եւ պիտի չկարենան նսեմացնել Իրանի ժողովուրդին պայքարն ու կորովը:
-Հալէպի ծառայողական մարզին անդրադառնալով, սուրիական «World and Syria News» կայքը անդրադարձաւ Հալէպի ազատագրուած շրջաններուն մէջ ելեկտրական հոսանքին հասանելիութեան մանրամասնութիւններուն, յիշելով, որ Սուրիոյ Ելեկտրականութեան Նախարարութիւնը 12 ելեկտրածին կեդրոններ տեղադրած է սոյն շրջաններուն մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին կարելիութիւնը կը հասնի 630 քիլօ վոլթ ամփեր, անոնցմէ 6-ը կը գտնուի Պապ ալ Նէրապ, Պապ Անթաքիա եւ Պոստան ալ Քասր շրջաններուն մէջ: Կայքը աւելցնելով յայտնեց, որ Նախարար Մուհամմէտ Զուհէյր Խարպութլի, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի եւ Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի Մասնաճիւղի քարտուղար Ֆատէլ Նաճճարի հետ ստուգեց աշխատանքին ընթացքը:
-Կրթական ոլորտէն ներս, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ կրթութեան նախարար Իմատ ալ Ազպ քննութեան կեդրոնները շրջագայած ատեն յայտնեց, որ 500 միլիոն ս.ո. յատկացուած է Հալէպի վնասուած դպրոցներու վերանորոգութեան համար: Ան բարձրօրէն գնահատեց Հալէպի նահանգապետարանին տարած աշխատանքը:
-Այլ առիթով, «Շամ Թայմզ» կայքէն կ’իմանանք, որ Սուրիոյ գիւղատնտեսութեան նախարար Ահմատ Քատիրի Սփութնիք լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Գիւղատնտեսական հատուածը Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով մեծագոյն վնասները կրող հատուածներէն կը համարուի։ 2011-2016-ի վնասները հասած են 16 միլիառ տոլարի: Ան այս բոլորը վերագրեց Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունեցան արտածումի քանակին եւ գիւղատնտեսական արտադրութեան նիւթերու ներմուծումին վրայ»: