Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոնէն՝ ՊՈԱԿ-էն կը յայտնեն, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հերթական խումբի ականազերծները 8 Յունիսէն մինչեւ 25 Յունիս թեքնիք հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ընթացքին 1650 քմ. տարածք ականազերծած են:
Հայկական մարդասիրական խումբի բժիշկները նոյն ժամանակահատուածին մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են 92 քաղաքացիի, ճառագայթային հետազօտութիւններու ենթարկուած է 86 հիւանդ, արեան քննութեան եւ մանկաբարձական ծառայութիւններէն օգտուած է 8 քաղաքացի, մանկաբոյժը զննած եւ համապատասխան բուժում կատարած է 22 երեխայի: