26 Յունիս 2019-ին ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Պրետ Շերման առաջարկած է փոփոխութիւն մտցնել «ազգային պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ, որ կարելիութիւն կու տայ արգելափակել ամերիկեան զէնքի վաճառք Ատրպէյճանին եւ կը կանխէ այդ զէնքով քաղաքացիական օդանաւերու ուղղութեամբ հաւանական հարուածը:
Armenianweekly.com-ը յայտնած է, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամը, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին Գործերու #անձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ է, հանդէս եկած է համապատասխան օրէնսդրական առաջարկով: Շերման կը ցանկայ կանխել ամերիկեան արտադրութեան զէնքի հաշուին Ատրպէյճանի ռազմական օդուժի հարուածային կարելիութիւնները կատարելագործելու հեռանկարը:
Քոնկրէսականը նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Պաքուի կողմէն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանէն թռիչքներ կատարելու պարագային քաղաքացիական օդանաւերը հարուածելու սպառնալիքներուն:
Քոնկրէսականը ըսած է. «Այս փոփոխութիւնը Ատրպէյճանին հզօր ուղերձ կը յղէ առ այն, որ այդ երկիրը չի կրնար քաղաքացիական օդանաւ կործանելով սպառնալ: Ատրպէյճանին պէտք չէ թոյլ տրուի վախցնել իր դրացիները: Ատրպէյճանին իր օդային պաշտպանութիւնը ուժեղացնելու հարցին օգնելը այն վերջին բանն է, որ մենք պէտք է ընենք»,-ըսած է քոնկրէսականը:
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այս առնչութեամբ իր աջակցութիւնը յայտնած է Շերմանին` ընդգծելով, որ ամերիկացի հարկատուներու հաշուին ստեղծուած զէնքերը երբեւիցէ պէտք չէ մատակարարուին երկրի մը, որը անմեղ ուղեւորներուն սպանել կը սպառնայ:
Մարտ 2011-ին Ատրպէյճանի քաղաքացիական վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամատովը յայտարարած էր, որ երկրի կառավարութիւնը Քաղաքացիական միջազգային կազմակերպութեան նախազգուշացուցած է, որ թոյլ չտայ քաղաքացիական թռիչքներ կատարել դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր որոշման մէջ նաեւ նշած էր, որ իրաւունքին համաձայն` իրենք իրաւասու են ֆիզիքապէս ոչնչացնել արգելքը խախտող օդանաւը: Այս յայտարարութենէն տարիներ անցած են, սակայն Ատրպէյճանը կը շարունակէ հնչեցնել նոյն սպառնալիքները, որուն հետեւանքով վերջին ութ տարուան մէջ Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդանաւակայանը կը շարունակէ փակ մնալ: