«Ապարաժ».-Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի ու Արցախի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ 25 Յունիսին, սփիւռքահայ գրող, գիտնական, թատերագէտ, հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեան հիւրընկալուած է Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանէն ներս, Արցախի մէջ եւս յիշատակելու ծննդեան 80 եւ ստեղծագործական կեանքի 65-ամեայ յոբելեանները:

26 թատերախաղերու հեղինակ եւ 50-էն աւելի դերերու խաղացող Հրանդ Մարգարեանի յոբելեաններուն նուիրուած գրական ցերեկոյթին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մելանիա Բալայեան, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Վահագն Դադայեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, բանաստեղծ, դրամատուրք, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Արցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, բանաստեղծ, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սոկրատ Խանեան եւ համալսարանի ուսանողներ:

Բացման խօսքով հանդէս  եկած է Վարդան Յակոբեան, որ ողջունած է ներկաները եւ արժեւորած  Հրանդ Մարգարեանի անցած ճանապարհն ու գրական, թատերական ժառանգութիւնը:

Յակոբեան ըսած է.«Սովորաբար մենք հայրենեաց պաշտպան  կ’անուանենք անոնց, որոնք սահմանն են անառիկ պահուն, բայց կան նաեւ գրիչի, բեմի, հայրենիի պաշտպաններ. Հրանդ Մարգարեան պաշտպաններու  այդ տեսակին կը պատկանի: Անոր վաստակը մեծ է, եւ մէկ օրուան համար չէ:Ան լծուած է հայրենապաշտպանութեան գործին` շարունակելով արեւմտահայ լաւագոյն գրողներու աւանդոյթները: Ճշմարիտ բանաստեղծը ան է, որ նոր ճանապարհ  կը ստեղծէ: Եւ այդ ճանապարհը ուր ալ ստեղծուի, պէտք է ուղեկցի մայր հայրենիք: Հրանդ Մարգարեանի ստեղծած ճանապարհը անոր կը  վերադարձնէ հայրենիք»: Ապա ան  Հրանդ Մարգարեանին յանձնած է Արցախի գրողներու միութեան անդամակցութեան տոմսը:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Մարգարեանը մեծապէս նպաստած է մշակութային եւ գրական կեանքի զարգացման, օժանդակած է կրթական օջախներուն հայեցի դաստիարակութեան: «Կեանքի լաւագոյն տարիները ան նուիրած է կուսակցական գործունէութեան եւ Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան: Հրանդ Մարգարեան հայ մշակոյթը եւ հայ գրականութիւնը ստեղծող, պահպանող եւ սերմանող մշակներէն մէկն է», ըսած է Աւագեան եւ նշած, որ Մարգարեանի վաստակը մեծ է ոչ միայն հայրենապաշտպանութեան, այլեւ հայրենիքին աջակցելու գործին մէջ:

Հ.Մարգարեան շնորհակալութիւն  յայտնած է ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ ընթերցած է իր ստեղծագործութիւններէն  քանի մը հատը:

«Ծննդեանս 80 եւ ստեղծագործական կեանքիս 65-ամեակները Արցախի մէջ նշելը մեծ երջանկութիւն է», ըսած է Մարգարեան:

Ձեռնարկի աւարտին ցուցադրուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատուէրով նկարահանուած ֆիլմը` նուիրուած Հրանդ Մարգարեանի ծննդեան 80 եւ մշակութային գործունէութեան 65- ամեակներուն: