Այս օրերուն կը լրանայ Փարիզի երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրուհի Արփիկ Միսաքեանի մահուան 4-րդ տարին։
Օր. Միսաքեան սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ թողուց անջնջելի անուն մը։ Ան, գրեթէ առանձինն, սեփական ուժերով, պարբերաբար վայելելով սակայն քանի մը նուիրեալներու բարոյական օժանդակութիւնը (Շաւարշ Նարդունի, Հրանտ Սամուէլ, Արփի Թոթոյեան եւ ուրիշներ), աւելի քան 50 տարի ձեռնհասօրէն ու բացառիկ կարգապահութեամբ խմբագրեց հայատառ օրաթերթ մը ֆրանսախօս գաղութի մը մէջ։ Այսինքն՝ թիավարեց հոսանքն ի վեր, առանց ընկրկելու, առանց զիջումներ կատարելու իր դաւանած աւանդական սկզբունքներէն, որոնց գլխաւորն էր հայերէն լեզուին պահպանումը։
Հօր՝ մեծանուն հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեանի, միակ աղջիկն էր, միակ ժառանգորդը եւ ուստի՝ անկէ ժառանգեց նաեւ «Յառաջ»ը 1957-ին ու զայն անխափան լոյսին ընծայեց մինչեւ 2009 թուականի Մայիսի վերջին օրերը։ Ընտանիք չկազմեց, գրեթէ արձակուրդ իսկ չունեցաւ։ Իր ամբողջ կեանքը նոյնացուց թերթին հետ՝ ամէն օր, ամէն ամիս, ամառ-ձմեռ, տասնամեակներ շարունակ, արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ։
Ի վերջոյ սակայն, տարիքի բերումով, յոգնեցաւ ֆիզիքապէս։ Անակնկալ որոշումով մը յայտարարեց, թէ պիտի դադրեցնէր իր սիրելի թերթին հրատարակութիւնը։ Չուզեց նաեւ անոր սեփականատիրութիւնը փոխանցել այլոց, հակառակ շատերու թելադրանքին կամ յորդորներուն։ «Յառաջ» ազգային արժէք մըն էր ու ֆրանսահայութեան ծոցին մէջ ընդվզում մը նշմարուեցաւ Արփիկ Միսաքեանի որոշումին նկատմամբ։
Բարեբախտաբար 2009-ի Հոկտեմբերին ծնաւ «Նոր Յառաջ»ը (այժմ երկօրեայ), որ եկաւ գրաւել հին «Յառաջ»ին տեղը։ Ռիւ տ’Օթվիլի խմբագրատունը դա՛րձեալ շունչ առաւ, փեթակի վերածուեցաւ։ Ժիրայր Չոլաքեան եւ Յարութ Կոպէլեան, իրենց մօտ ու հեռու գործակիցներով, ահա արդէն շուրջ տասը տարիէ իվեր, կը հրատարակեն զայն կարելի բծախնդրութեամբ, ջանալով վառ պահել «յառաջեան» աւանդութիւն մը…։
«Յառաջ»ի փակումէն ետք, Արփիկ Միսաքեան ապրեցաւ քաշուած կեանք մը, մինչեւ որ իր վերջին շունչը փչեց 19 Յունիս 2015-ին, 89 տարեկանին։
Իր մահէն քանի մը շաբաթ առաջ, բարեբախտաբար, կրցաւ տեսնել իր գրական մէկ աշխատանքին լոյս ընծայումը.- Շաւարշ Միսաքեանի բանտային օրագրութեան (1916-18, Մեծ Եղեռնի տարիներ) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։ Գիրքը կը կոչուէր «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը»։
Ասիկա եղաւ անշուշտ իր կարապի երգը։
Արփիկ Միսաքեանի մասին գրած եմ երկարօրէն իմ «Դեգերումներ»ու Ա. հատորին մէջ։
«Յառաջ», Արփիկ Միսաքեանի հոգածութեամբ, յենարան մը, ամպիոն մը, ազատ բեմ մը եղած էր ինծի համար։ Հո՛ն է որ լոյս ընծայեր էի իմ գրական-հրապարակագրական կամ լրագրական յօդուածներուն ջախջախիչ տոկոսը, հո՛ն է որ «եփուեր» էի, թրծուեր՝ իբրեւ մամլոյ աշխատակից կամ գրչի սպասարկու։ Հոն, այդ չորս էջանի պատկերազուրկ թերթին մէջ է, որ ծանօթ-անծանօթ հարիւրաւոր ընթերցողներ ճանչցեր էին զիս, հոգեկան կամուրջ հաստատեր էին իմ հետ…։
Հիմա կը յիշեմ ցնցումը, զոր ապրեր էի՝ երբ իմացեր էի թերթին փակման լուրը։ Թերթը հրատարակած էր «վերջին թիւ» մը, որ շատ տխուր բովանդակութիւն ունէր։ Հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի լուսանկարը կար այդ թիւին ճակտին։ Ու նաեւ՝ հրաժեշտի տխուր խմբագրական մը, զոր կարդացի սեղմուած կոկորդով ու հազա՛ր ափսոսանքով…։
Այդ օր, անխուսափելիօրէն վերյիշեցի Շաւարշի ստորագրած այն նշանաւոր խմբագրականը, որ հրատարակուած էր թերթին Ա. թիւին մէջ, 2 Օգոստոս 1925-ին։ Արփիկ թերթին տարեդարձի թիւերուն մէջ կը սիրէր այդ խմբագրականէն հատուածներ վերատպել։ Այնտեղ կ’ըսուէր, թէ պիտի աշխատին վառ պահել հայապահպանումի ջահը՝ Ֆրանսայի լպրծուն պողոտաներուն վրայ…։
90-ական թուականներուն, երբ առաջին անգամ ըլլալով այցելեր էի «Յառաջ»ի խմբագրատունը, զմայլանքով դիտած էի թերթին եօթանասուն տարուան հաւաքածոներուն կազմեալ մեծահասակ հատորները՝ դարաններու վրայ հերթականօրէն ու կանոնաւոր շարուած։ Ծով վաստակի ու վիթխարի պատմութեան մը շտեմարաններն էին ատոնք։ Որո՜նք եւ որո՜նք իրենց ստորագրութիւնը դրեր էին այնտեղ՝ տասնամեակներու երկայնքին, քանի՜ սերունդ գաղափարական դաստիարակութիւն ու տոհմիկ սնունդ ստացեր էր հոնկէ…։
Թերթի մը ԱՌԱՋԻՆ թիւը ու ՎԵՐՋԻՆ թիւը…։ Հակոտնեայ երեւոյթներ են ասոնք։
Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս են նորածին երեխայի մը առաջին ճիչն ու մահամերձ ծերունիի մը փչած վերջին շունչը…։
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը ՇԱՒԱՐՇ եւ ԱՐՓԻԿ Միսաքեաններուն։
Լեւոն Շառոյեան