Սփիւռքի մէջ մամուլը հայապահպանման, մտաւոր աշխատանքի եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորելու անփոխարինելի հարթակ է, որուն մէջ կ’արտացոլայ նաեւ գաղութային կեանքը իր բոլոր երեսներով: Հայ մամուլը իր մշտական սպասարկուներուն կողքին աւիւնը կը ստանայ երիտասարդ գրողներէն: Լրագրող մարդուժի պատրաստութիւնը կարեւոր քայլ մըն է յատկապէս վերականգնումի փուլին:
Այս ելակէտէն մեկնած եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետին 2019 տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակած ըլլալուն բարեբաստիկ առիթով, Հինգշաբթի, 27 Յունիս 2019-ին ընթացք առաւ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կողմէ նախաձեռնուած լրագրութեան դասընթացքի առաջին փուլը, որուն մաս կազմեցին 45 երիտասարդներ:

Երեք օրերու վրայ երկարող սոյն դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Գանձասար» թերթի աշխատակիցներ եւ միութիւններու թղթակիցներ: Ծրագիրը ի միտի ունի տեսական եւ գործնական բաժիններով վարժողական աշխատանքի ընդմէջէն ապագայ լրագրողներու հոյլ մը յառաջացնել եւ ուղի բանալ աստիճանաբար լրագրական աշխատանքի մասնագիտական սահմաններուն մօտենալու:

Առաջին օրը ընդհանուր երեք բաժիններով լրագրական մարզի ծանօթացման առնչուող նիւթեր մատուցուեցան: Առաջին դասախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները «Ի՞նչ է Լրագրութիւնը» խորագիրին տակ ներկայացուց լրագրութեան նպատակը, թիրախ լսարանները, լուրերու պատրաստութեան եղանակը, լեզուն, ոճը, լրագրողին ձեռք բերելիք հմտութիւններն ու յատկանիշերը, ապա նաեւ լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան տեսակները:
Երկրորդ դասախօսն էր Սուրիոյ Նահանգային Խորհուրդի անդամ, փաստաբան, լրագրող եւ կրթական մշակ Մարիա Գաբրիէլեան: Ան ներկայացուց վերջին տարիներուն մամուլին մէջ հետաքրքրութեան արժանացած «Մարդկային տիպարներ»ու ընդմէջէն երեւոյթներ պարզելու, հարցեր արծարծելու լրագրական ձեւն ու ոճը:
Գաբրիէլեան բացատրեց, թէ նմանատիպ նիւթերու պատրաստութեան ընթացքին անհրաժեշտ է կեդրոնանալ անհատին մարդկային յատկանիշերուն վրայ,զգոյշ ըլլալ նիւթի գլխաւոր դերակատարին եւ անոր ընդմէջէն փոխանցելի պատգամին ընտրութեան պարագային եւ պատումը հարազատօրէն ներկայացնել, շեշտը դնելով նաեւ դերակատարին առօրեայ միջավայրին վրայ: Ապա մասնակիցները յիշեալ ոճով պատրաստուած յատուկ տեսանիւթեր դիտեցին։
Երրորդ դասախօսն էր հալէպահայ գրող եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Ան հաճելի մէջբերումներով ներկայացուց «Ո՞վ է թղթակիցը եւ ի՞նչ է թղթակցութիւնը» նիւթը: Շառոյեան մամուլի կարեւորութեան եւ թերթի մը բովանդակութեան մասին խօսելով պարզաբանեց թղթակից ըլլալու լրացուցիչ պայմաններն ու անհրաժեշտ հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են սկսնակ լրագրողներու համար եւ կ՚առաջնորդեն անոնց քայլերը: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ թղթակցութիւնը լրագրութեան ձեւերուն մէջ ամէնէն մատչելին է, սակայն նոյնքան էական է պատմութեան մէջ փաստ արձանագրելու առումով:
Դասընթացքի մասնակիցները հարցումներով եւ կարծիքներու փոխանակումով մասնակից դարձան մատուցուած նիւթերուն:
Խմբագրութիւնը, որպէս առաջին քայլ, նախատեսած է դասընթացքներու շարք մը կազմակերպել տարուան ընթացքին։ Ա. բաժինի երկրորդ եւ երրորդ հանդիպումները, աշխատանքային խմբակներու յառաջացումով, տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը երեկոյեան։