Այս տողերը մասնաւորապէս հասցէագրուած են բոլոր անոնց, որոնք հմայուած կը թուին ըլլալ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իսկապէս հմայիչ հռետորաբանութեամբ։ Վարչապետը ինքզինք գերազանցեց յատկապէս իր վերջին ելոյթով, ուր ան վկայութեան կը կանչէր Արամ Մանուկեանն ու Առաջին Հանրապետութեան պետական մարդոց սերունդը զանոնք դաւանելով որպէս մաքուր և կուռ ազգային անկախ պետականութեան չափանիշեր, որոնց օրինակով, կ՚ըսէր ան, պիտի ապրին մերօրեայ իշխանութեան գործիչները առանց բացառութեան։ Խոստո՞ւմ. հրահա՞նգ. յիշեցո՞ւմ. յանձնառութի՞ւն։ Ո՞ր մէկը ասոնցմէ։ Յամենայն դէպս՝ հրաշագործ խօսքե՛ր՝ որոնք աննախընթաց են իրենց թափանցող ազդեցութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞ր դաշնակցականն է, որ պիտի կարենայ անտարբեր մնալ իր զգացումները հրահրող այս նախադասութիւններուն դիմաց։ Մէջբերումներ պիտի չընեմ, քանի որ Փաշինեանի ջատագովներուն (ինծի հարազատ ընկերներու) էջերը ողողուած են յորդառատ մէջբերումներով։

Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ մեր — ըսել կ՚ուզեմ ՝ հանրութեա՛ն — պարտականութիւնն է մնալ զգաստ և յանձնառու և առաջնորդուիլ իրականութեան նորմերով միայն։ Մեր պարտականութիւնն է քննել վիճակացոյցը յետին մանրամասնութեամբ փոխանակ անհիմն (համատեքստէն դուրս) զուգահեռներ փնտռելու Փաշինեանի և ՀՅԴ նուիրական դէմքերուն միջև։

Կը խօսուի այն մասին, որ արդէն իսկ յստակ տեղաշարժ գոյութիւն ունի զեղծարարութեան և փտախտի երևոյթներու հակակշռման մարզին մէջ հինին և նորին միջև։ Շատ յարգելի դէմքեր կը հաւաստեն այդ մասին։ Պէտք է անվերապահօրէն ողջունել այս երևոյթը և զայն շարունակաբար պահել լուսարձակի տակ։ Փտախտը տարերային երևոյթ է։ Ան կը չքուի մէկ օր և կը վերայայտնուի աւելի բարդ ձևերով մէկ այլ տեղ և մէկ ուրիշ օր…Հակափտախտային քաղաքականութիւնը չի կրնար սկիզբ ու վախճան ունենալ։ Ան ախտաբանական է և ունի իր տրամաբանութիւնը։ Արձանագրենք և անցնի՛նք։

Վարչապետ Փաշինեանի ջատագովները պէտք է խօսին կառավարութեան գործի հիմնական ոլորտներուն մասին։ Պէտք է խօսին կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան մասին։ Մենաշնորհային համակարգի վերաբերմամբ որդեգրուած իրական վարքագծին մասին։ Կառավարութեան սոցիալական փաթեթին մասին։ Կառավարութեան որդեգրած եկամտահարկի համահարթեցման աղէտալի քաղաքականութեան մասին։ Դատական համակարգէն ներս ստեղծուած սահմանադրական քաոսին մասին։ Եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութեան սկզբունքի խախտման վտանգաւոր երևոյթներուն մասին։ Գիւղատնտեսութեան մարզէն ներս տիրող ողբալի վիճակին մասին։ Արտագաղթի և աղքատութեան ցնցիչ երևոյթներուն մասին։ Վարչապետ Փաշինեանի աններելիօրէն ժողովրդահաճ (populist) քայլերուն մասին։ Ամբոխը պետութեան դէմ հրահրելու նախաձեռնութիւններուն մասին։ Շարքը երկար է։

Արտաքին քաղաքականութեան բեմին վրայ, արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի ցուցաբերած զգօն վարքագիծը այնուամենայնիւ ենթակայ է մեծ վտանգներու, որոնք կը բխին պրն. Վարչապետին դեռևս լաւ չբանաձևուած քաղաքականութեան հետևանքներէն։ Հայաստան-Արցախ միջպետական յարաբերութիւններու վաղուան բնոյթէն։ Եւ առհասարակ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բարդ կառոյցը կառավարել կարենալու կարողութիւններէն։ Այս բոլոր մարզերուն մէջ, առայժմ դեռ բաց է ու հարցական՝ ներկայ իշխանութեան վիճակացոյցը։

Ես յատկապէս տպաւորուած եմ Առողջապահութեան Նախարարին և իր թիմին հետապնդած անկեղծօրէն արմատական քաղաքականութեամբ յատկապէս հակածխախոտային պայքարի մարզին մէջ։ Կը մաղթեմ, որ ան լիովին արժանանայ պրն. վարչապետին շարունակական զօրակցութեան։

Եւ վերջապէս կարելի չէ չխօսիլ վարչապետին կրաւորական վերաբերմունքին մասին Արամ Մանուկեանի տան, Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Տան և այլ նմանօրինակ ազգային պարտաւորութիւններու հանդէպ, որոնց մասին լայնօրէն խօսած եմ բազմաթիւ յօդուածներով առանց դոյզն իսկ արձագանգ ստանալու Փաշինեանի նորօրեայ ջատագովներէն։

Հետևաբար հանրութեան — և այս պարագային արտախորհրդարանական ընդդիմութեա՛ն (իմա Դաշնակցութեան) — պարտաւորութիւնն է անցնիլ անդին քաղաքական հռետորաբանութեան սահմաններէն և փնտռել հանրօգուտ միջուկը ներկայ իշխանութեան գործին։ Ընդդիմութեան առաքելութիւնն է հետևողականօրէն պահանջել այդ գերազանցութիւնը։ Մեր առաքելութիւնն է վարչապետ Փաշինեանը մղել դէպի այն նշաձողը, որ թելադրուած է Հայաստանի, Արցախի և հայութեան ազգային գերագոյն շահերէն։ Դաշնակցութիւնը պիտի ներկայանայ հանրութեան իր այլընտրանքային ծրագիրով։ Այդ մէկը չի նշանակեր սակայն, որ Դաշնակցութիւնը ինքզինք խզած է կառավարութեան կեանքէն։

Դաշնակցութիւնը իր հաստատած վերոյիշեալ նշաձողով անքակտելի մասն է պետական գործընթացին։ Եւ այդ նշաձողն է միայն, որ գործնականօրէն կը միացնէ ազգը նոյն գերամեծար նպատակներուն շուրջ՝ ազգային միասնականութիւնը համարելով անսակարկելի և անյետաձգելի այժմ և միշտ։

Կարօ Արմէնեան
Յունիս 27, 2019