«Արմէնփրէս».- ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի յատուկ զեկոյցին մէջ այս շաբաթ հրապարակուած է, որ մինչեւ 2030 թուական աւելի քան 120 մլն. մարդ պիտի աղքատանայ երաշտներու, հեղեղումներու եւ կլիմայի փոփոխութեան ու բնական այլ երեւոյթներու պատճառով:
ՌԻԱ Նովոստին կը հաղորդէ, որ զեկոյցին մէջ յիշուած է.«Կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ չիք դարձնել վերջին 50 տարուան բարեփոխումները համընդհանուր առողջապահութեան եւ աղքատութեան կրճատման բնագաւառէն ներս: Միջին դասու ընտանիքները զարգացած երկիրներուն մէջ կրնան աղքատանալ: Համաշխարհային դրամատան գնահատումներուն համաձայն, եթէ անյապաղ գործողութիւններ չձեռնարկուին, մինչեւ 2030 թուական աշխարհի մէջ 120 մլն. մարդ աղքատութեան ճիրաններուն մէջ կը յայտնուի … Միայն Հարաւային Ասիոյ մէջ 800 մլն. մարդ կ’ապրի թէժ կլիմայական վայրերու մէջ , մինչեւ 2050 թուական անոնց կեանքի պայմանները կը վատանան»: