ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ` քննարկելու համար երկրին մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր:

28 Յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան նախագահութեան անդամներու հետ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում, որուն Դաշնակցութեան կողմէն կը մասնակցէին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեան: Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէն հանդիպման կը մասնակցէին ՀԴԿ նախագահ Արամ Սարգսեան, փոխնախագահներ Ժասմինա Ղեւոնդեան, Ժասմինա Թելեան, Արմէն Յովսէփեան, Հայկ Ալոյեան եւ նախագահութեան անդամ Զոյա Ջուլհակեան:
ՀԴԿ Կեդրոնական գրասենեակէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է երկրի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, Արցախ-Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներ, դատա-իրաւական համակարգի բարեփոխումներ, մեր երկրի համար ներքին ու արտաքին առկայ մարտահրաւէրներ, այդ հարցերուն շուրջ գործակցութեան կարելիութիւններ:
Հանդիպման աւարտին որոշուած է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը կանոնակարգել ու որոշակի օրակարգային հարցերու շուրջ հանդիպումները շարունակական դարձնել: