Երեւան.- «ՀՅԴ-ն յայտարարուած քաղաքական խորհրդատուութիւններու շրջագիծէն ներս հանդիպում կ՚ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ », այս մասին 24TV-ի «Հարցազրոյց» հաղորդումին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։

Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչին խօսքով՝ Դաշնակցութիւնը որեւէ ուժի հետ բեւեռ դառնալու կաշկանդուածութիւն չունի։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ
Կարելի՞ է, որ որեւէ պահու կրկին համագործակցութեան եզրեր գտնուին օրուան իշխանութեան հետ՝ Սաղաթէլեան բացառած է՝ ընդգծելով, որ յեղափոխութենէն ետք իրենց անկեղծ մղումները իշխանութիւնները ժամանակին չգնահատեցին, աւելին՝ դաշտը բաժնեցին սեւերու եւ սպիտակներու։

Ինչ կը վերաբերի Ռոպէրթ Քոչարեանի՝ լայն ընդդիմադիր բեւեռի հետ համագործակցութեան, Սաղաթէլեան ըսած է, որ որեւէ մէկուն հետ նման քննարկում չէ եղած, և իրենց համար պարզ ալ չէ, թէ ի՛նչ նկատի ունի ՀՀ երկրորդ նախագահը։

Շարունակութիւնը՝ տեսանիւթով։