«Էրմէնիհապեր».-26 Յունիսին Իսթանպուլի նահանգապետարանը գրութիւն ուղարկած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, որուն մէջ առանց որեւէ պատճառ նշելու պահանջած էր 1 շաբաթ յետաձգել տեղապահի ընտրութիւնները: Նամակին հիման վրայ ալ պատրիարքարանը յայտարարութիւն մը տարածած էր` համայնքը տեղեկացնելով, որ տեղապահի ընտրութիւնները նախօրօք սահմանուած 27 Յունիսի փոխարէն տեղի պիտի ունենան 4 Յուլիսին:

Այս առիթով Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցապնդում ուղարկած է Ներքին Գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին` հետաքրքրուելով, թէ որոնք են յետաձգման պահանջին պատճառները:

Փայլան խորհրդարան ներկայացուցած հարցապնդումին մէջ շարադրած է հետեւեալ հարցերը.-

Ին՞չ հիմնաւորումով փոխած էք Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդին կողմէ սահմանուած տեղապահի ընտրութիւններուն ամսաթիւը:
Ինչպէս գիտենք, 16 Փետրուար 2017-ին տեղապահի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենային, սակայն հոգեւորականներու հաւաքի ընթացքին Իսթանպուլի նահանգապետարանին ուղարկուած գրութեամբ այդ ընտրութիւնը չեղեալ համարուած էր: Ձեր նախարարութիւնը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ օրէնսդրութեան վրայ հիմնուելով կը միջամտէ կրօնական կառոյց հանդիսացող հայոց պատրիարքարանի ներքին գործերուն:
Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը 23 Մայիս 2019-ին առած որոշումով «Կրօնական ազատութիւններու խախտում» համարած էր տարիներ շարունակ պատրիարքական ընտրութիւններուն խոչընդոտումը: Սահմանադրական Դատարանի որոշումէն վերջ տեղի ունեցած այս միջամտութիւնը արդեօ՞ք այդ խախտումներուն շարունակութիւնը չէ:
Ձեր նախարարութիւնը պատրիարքական ընտրութիւններուն միջամտելու համար 1863 թուականին ընդունուած ազգային սահմանադրութեան ո՞ր յօդուածներուն վրայ կը հիմնուի: