«Արմէնփրէս».- Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբը յաջողութեամբ աւարտած է աշխատանքը եւ վերադարձած Հայաստան: Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոնի տնօրէն Ռուբէն Առաքելեան ամփոփելով մարդասիրական խումբի իրականացուցած աշխատանքը նշեց.«Առաջին խումբին աշխատանքները սկսան Փետրուարին: Կազմին մէջ ներգրաւուած էին ականազերծներ, բժիշկներ եւ ռազմական ոստիկանութեան պահպանող խումբը, որ նպատակ ունէր առաքելութեան խումբի մասնակիցներուն անվտանգութիւնը ապահովել, կարելիութիւններուն համաձայն, պատահարներէ կամ նմանատիպ այլ միջամտութիւններէ հեռու պահելով»:
Մարդասիրական խումբը ծանօթացած է տեղւոյն ականադաշտերուն: Տեղի բնակչութեան եւ Սուրիոյ իշխանութեան հետ համատեղ իրականացուցած են որոշ ճարտարագիտական հետազօտութիւններ եւ յստակացուցած են մատչելի ականադաշտերը: Հետազօտութիւններու արդիւնքին համաձայն տուեալներու հիման վրայ, Հալէպ նահանգին մէջ առանձնացուած է 5 վտանգաւոր տարածք` ընդհանուր 1 մլն 315 հազար քմ.:
Ռուբէն Առաքելեան ըսաւ.«Առաջին անգամ պէտք է ականազերծուէին այն տարածքները, որոնք բնակավայրերուն մօտ էին, որպէսզի մարդկային զոհերէն խուսափէինք: Ընդհանուր առմամբ, առաջին խումբը ականազերծած է 34 հազար 690 քմ. տարածք: Յայտնաբերուած են 29 միաւոր – ական եւ պայթուցիկ մնացորդ»: Ան յայտնեց, որ ականներու պայթեցման աշխատանքները իրականցուցած են Սուրիոյ զինուած ուժերու մասնագէտները: Ռուբէն Առաքելեան, ընդհանրապէս, խումբի աշխատանքները բաւարար կը գնահատէ, նկատի առնելով, որ առաքելութիւնը նոր է եւ ընթացքին լոճիսթիք (համեմատական «Գ.») խնդիրներու լուծումը անհրաժեշտ համարուած է: Սուրիա մեկնած երկրորդ խումբը, ըստ Ռուբէն Առաքելեանի, հոն աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ կը գտնուի:
Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոնի գլխաւոր տեսուչ Արա Մարտիրոսեան նշեց, որ մարդասիրական օժանդակութեան ծիրին մէջ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներ իրականացուցած են` արդիւնաւէտ գործակցութեամբ տեղական եւ ռուսական զինուած ուժերու հետ:
Արա Մարտիրոսեան յայտնեց.«Իրականացուցած ենք մաքրման աշխատանքներու վերլուծութիւն, որուն հիման վրայ աշխատած ենք: Մարդասիրական ականազերծում իրականացնելու համար շատ կարեւոր է տեղի բնակիչներուն հետ աշխատանքը: Մեզի համար առաւել եւս կարեւոր գործօն էր հայ համայնքի առկայութիւնը, կը զգայինք անոնց օժանդակութիւնը»:
Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոնի հանրային կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան, որ նոր վերադարձած է Սուրիայէն, դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ հայ համայնքը շատ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է Հայաստանէն եկած մարդասիրական խումբը:
«Նոյն ջերմ վերաբերմունքը կայ սուրիացիներուն կողմից, որ փոխադարձաբար երկկողմ շփումներն ու կապը մշտապէս կան: Մեր բժիշկները ներգրաւուած են նաեւ տեղի բժշկական հաստատութիւններու աշխատանքներու մէջ: Մեծ թիւով երեխաներու աջակցութիւն ցուցաբերուած է»,ըսաւ Նազելի Էլբակեան:
Հայաստանէն երկրորդ խումբը16 Յունիսին մեկնած է Սուրիա, ուր իր առաքելութիւնը 4 ամիս պիտի իրականացնէ: