«Արմէնփրէս».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 1 Յուլիսին հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամները:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է մարդասիրական առաքելութեան խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց` առաքելութիւնը բարեյաջող ընթացք ունենալուն համար: «Այս տարուան Փետրուարին Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու առնչութեամբ, շատ կարեւոր որոշում տուաւ, որ, վստահաբար, բազում քննարկումներու առիթ դարձաւ` ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական: Բայց, այնուամենայնիւ, կ’ուզեմ ընդգծել, որ այդ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր եւ թերեւս միակ բովանդակային կողմը մարդասիրական առաքելութիւնն է», նշած է ան:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը նկատուի, որովհետեւ անիկա մեր ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:
Վարչապետը ներկայացուցած է առաքելութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը` թիւերով. ականազերծուած է շուրջ 27 հազար 510 քիլոմեթր տարածք, վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերուած է 241 հիւանդի, բուժուած է 626 քաղաքացի եւ 1067 բուժարանային եւ տարրալուծարանային- հետազօտութիւն կատարուած է:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է.«Մեր առաքելութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ Հալէպի մեր հայրենակիցներուն անվտանգութեան ապահովումը, նաեւ Հալէպի հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութեան ապահովումը: Սա նաեւ կը խորհրդանշէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի վերջոյ, տէր է հայ ժողովուրդին ձգած մշակութային ժառանգութեան ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, այլեւ անոր տարածքէն դուրս»:
Վարչապետը նշած է նաեւ, որ շատ բարձր կը գնահատէ առաքելութեան ընթացքին Ռուսաստանի Դաշնութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Գործադիրի ղեկավարը ըսածէ. «Շատ կարեւոր կը համարեմ, որ վերջերս Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիէն ստացած է պաշտօնական նամակ, ուր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրագործելուն համար: Սուրիական ճգնաժամին սկսած առաջին օրէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անտարբեր չէ գտնուած Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ պետութեան ճակատագիրին նկատմամբ: Այս ընթացքին 2016թ., 2017թ., 2018թ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Սուրիա, եւ մենք, անշուշտ, մեր դիրքորոշումը շատ յստակ գծագրելով, Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին կը ցանկանք խաղաղութիւն, կը փափաքինք, որ ճգնաժամը օր առաջ յաղթահարուի եւ սուրիացի ժողովուրդը օր առաջ վերադառնայ իր խաղաղ կեանքին»:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական առաքելութեան խումբի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթած ներկայիս Սուրիոյ մէջ նոյն առաքելութեան լծուած հայրենակիցներուն, բժիշկ մասնագէտներուն, ականազերծներուն եւ միւս մասնագէտներուն:
«Կ’ուզեմ յայտնել, որ ահա այս վերաբերմունքը եւ դիրքորոշումը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան, սուրիացի բարեկամ ժողովուրդին նկատմամբ պիտի չի փոխուի, եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու ճգնաժամի կարգաւորման համար, առաջին հերթին նկատի ունենալով մարդասիրական ճգնաժամը, որովհետեւ մեր առաքելութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն է», ըսաւ վարչապետը: