2 Յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութեամբ «Մէկ Հայաստան» կուսակցութեան հետ տեղի ունեցած է հանդիպում-քննարկում: Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական ներկայիս իրավիճակին ու ընթացիկ զարգացումներուն եւ Արցախեան հիմնահարցին:
Կողմերը ծանօթացած են քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն վերաբերող երկուստէք առկայ դիրքորոշումներուն: