«Արմէնփրէս».- Արտերկրի մէջ գործող հայկական վարժարաններուն, նախակրթարաններուն եւ դպրոցներուն մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող մանկավարժները մէկ ամսուան ընթացքին կը վերապատրաստուին Հայաստանի մէջ: Դասընթացքները սկիզբ առին 1 Յուլիսին Խ. Աբովեան պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս: Հայաստան գտնուող մանկավարժներուն համար պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ, ճանաչողական- ուսուցողական շրջայցեր եւ մշակութային ծրագրեր:
ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքին համաձայն, ներկայ մանկավարժները սփիւռքի մէջ հայերէնի գլխաւոր պահապաններն են եւ ամէն անգամ Հայաստան գալով ուսուցման նոր մեթոտներ կիրառելով ալ աւելի կ’ուժեղացնեն այն կրթական հաստատութիւններու դիրքն ու դերը, որոնք կը ներկայացնեն:
Ան ըսաւ. «Այս վերապատրաստումներով կը ձգտինք ստեղծել հայերէնի դասաւանդման եւ ընդհանուր հանրակրթական մէկ դաշտ: Վերապատրաստումները կարեւոր կը համարուին, որովհետեւ մենք ձեզմէ կը լսենք այն խնդիրները, որոնք համայնքներու մէջ կան եւ դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը կրնանք փոփոխութեան ենթարկել, ըստ այդ խնդիրներու հիման վրայ, անոնց համար լուծում տալով»:
«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն,դասընթացքներու կազմակերպիչ Սուրէն Դանիէլեան նշեց, որ Մանկավարժական համալսարանէն ներս գործող գիտաուսումնական կեդրոնը պատիւ ունեցած է նորանկախ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու նոր ազգային բովանդակութեամբ բարեփոխուած դասընթացքներու նախանձախնդիր պետական մանկավարժական հաստատութիւնը ըլլալու:
«2000 թուականէն ի վեր հանրապետութեան նախագահներու անմիջական հոգածութեամբ մենք կրցանք վերստեղծել երբեմնի երկչոտ սփիւռքահայ ուսուցիչներու խորհրդային բովանդակութեամբ վերապատրաստութիւնները ու դէպի նոր փուլ ուղղորդել: Մենք յաջողեցանք անցնող քսան տարիներուն ստեղծել կուռ միասնական դարբնոց մը, որ գլխաւոր թիրախը ոչ միայն սփիւռքահայ ուսուցիչներու այսօրուան վերապատրաստութեան խնդիրներն էին, այլ վերապատրաստումէն պատրաստութեան անցում», ըսաւ Դանիէլեան:
Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման մէկամսեայ ծրագիրը կը գործէ 2000 թուականէն: Այս տարի ծրագիրին մասնակցելու համար դիմած էր մօտաւորապէս 80 ուսուցիչ` 16 երկրէ: Այժմ կը մասնակցին 61 ուսուցիչ: Մասնակից երկիրներն են` ԱՄՆ, ԱՄԷ, Աւստրալիա, Գերմանիա, Դանիա, Իրան, Իրաք, Լիթվիա, Լեհաստան, Ռուսաստան, Սուրիա, Ուքրանիա, Վրաստան, Ֆրանսա: Այս տարուան ուսուցիչներուն մեծ մասը կը վերապատրաստուի նախարարութեան սոյն ծրագիրին համաձայն արդէն երկրորդ եւ նոյնիսկ երրորդ անգամ:
Այս տարի վերապատրաստում նախատեսուած է հինգ ուսումնական խումբերու մէջ` մանկապարտէզի, տարրական ուսուցման, մէկօրեայ դպրոցներու, հայոց լեզուի ու գրականութեան դասաւանդման, նկարչութեան եւ կիրառական արուեստի ուղղութիւններով: Նախատեսուած էր նաեւ ճատրակի խումբ, որ, սակայն, չէ համալրուած: Մեծ թիւով ուսուցիչներ գրանցուած են «մէկօրեայ դպրոցի ուսուցման» եւ «հայոց լեզուի եւ գրականութեան» խումբերուն մէջ:: Դասընթացքներու աւարտին ուսուցիչներուն պիտի տրուի ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն եւ Խ.Աբովեանի հայկական մանկավարժական համալսարանէն վկայագիր: