Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ին Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութիւնը այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին։
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընթացած հանդիպումին ընթացքին, խնամակալութեան ատենապետ տիար Աւօ Խոշաֆեան բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր առաջնորդին։

Ապա խնամակալութիւնը սրբազան հօր հետ զրուցեց միութեան այլազան գործունէութիւններուն շուրջ։
Սրբազան հայրը լսելէ ետք Կիլիկեան շրջանակի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն զեկոյցը, բարձրօրէն գնահատեց միութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց խնամակալութեան։