Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Երկուշաբթի 1 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութեան ու Գործադիր Մարմինի, ինչպէս նաեւ Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, որոնք շնորհաւորեցին եւ բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան Հօր: Ներկաները քննարկեցին գաղութս յուզող զանազան հարցեր: Սրբազան Հայրը լսելէ ետք միութեան լայնածաւալ գործունէութեան մասին, բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութիւններուն: