Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին շնորհաւորական այցելութիւն տուին Հալէպի Նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, ոստիկանապետ հրամանատար Իսամ ալ Շըլլի եւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի առաջին քարտուղար Ֆատէլ Նաճճար:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Սուրիա մեր բոլորին հայրենիքն է եւ պիտի շարունակէ մնալ սիրոյ ու եղբայրութեան խորհրդանիշ,աւելցնելով որ
թուրքը այսօր կը շարունակէ իր ոճիրները Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ, այնպէս ինչպէս Ցեղասպանութեան ենթարկեց հայութիւնը դար մը առաջ: Աւարտին, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մեր ցաւը նոյնն է ու միասնաբար պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ, պահպանելով Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ` շնորհիւ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի խոհեմ ղեկավարութեան:


Իր կարգին, Հալէպի նահանգապետը յայտնեց, որ Սուրիա, շնորհիւ իր զաւակներուն նուիրումին, ներկայիս վերականգնումի փուլը թեւակոխած է երկրի ղեկավարութեան հովանաւորութեան տակ: Իսկ կուսակցապետ Ֆատէլ Նաճճար աւելցուց, որ քաղաքակրթութեան օրրան Սուրիան հաստատուն քայլերով կը շարունակէ իր յաղթական երթը:
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: