«Արմէնփրէս».- ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Էռնեսթօ Օտօնէն հերքած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ Արցախ փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկելու մասին իրեն վերագրուած տեղեկատուութիւնը: Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու մասին իր կողմէ որեւէ խօսք չէ արտասանուած:
Արտագին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին ներկայացուց Օտօնէի կողմէն հայկական մամուլը ներկայացնելու համար լիազօրուած պաշտօնական յայտարարութիւնը:
Նաղդալեան ըսաւ.«Ատրպէյճանական մամուլին մէջ տեղեկատուութիւն շրրջանառուած էր, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալը իբրեւ թէ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` Արցախ փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկելու մասին: ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ՀՀ ներկայացուցիչը լուրը հրապարակելէն յետոյ անմիջապէս կապ հաստատած է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Օտօնէի հետ: Վերջինս հերքած է ատրպէյճանական մամուլին մէջ իրեն վերագրուած տեղեկատուութիւնը` Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու մասին: Օտօնէն նշած է, որ ինք, ի պատասխան հնչած հարցումին, ընդհանրապէս խօսած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւններ ուղարկելու վարժութեան մասին եւ նշած, որ տուեալ առաքելութիւնը ուղարկելու համար անհրաժեշտ է, որ շահագրգռուող կողմերը համապատասխան դիմում ներկայացնեն ԻՒՆԵՍՔՕ-ին, նաեւ նշած է, որ առաքելութեան համար անհրաժեշտ են ապահովել անվտանգութեան միջոցներ»:
ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալի կողմէն Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու մասին որեւէ խօսք չէ ըսուած: Օտօնէն նաեւ նկատած է, որ իր մեկնաբանութիւնը շատ պարզ եղած է եւ պէտք չէ որեւէ տարընթերցման առիթ տար: