«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան գրասենեակէն ներս, 3 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ին նախաձեռնած քաղաքական հանդիպումը:

Դաշնակցութենէն մասնակցած են ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Արմէնուհի Կիւրեղեան, «Ժառանգութիւն»-ենէն` կուսակցութեան նախագահ Անդրանիկ Գրիգորեան, փոխնախագահ Նարինէ Տիլպարեան, Գործադիր մարիմնի անդամներ Հայկ Գասպարեան, Գագիկ Մարգարեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համատեղ գործունէութեան կարելի ուղղութիւնները, գործակցութեան եզրեր ընտրուած են դատաիրաւական բարեփոխումները, Ընտրական օրէնսգիրքի եւ «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները:
Նշուած է, որ Արցախի եւ Հայաստանի հետագայ առաւել սերտ գործակցութեան համար երկու կուսակցութիւններու դիրքորոշումները ընդհանուր են, եւ քաղաքական անցեալին վերադառնալ կարելի չէ: