Երեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց քաղաքական հարցերու շուրջ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի օգնական Ալի Ասղար Խաճի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Խաճի հանդէս եկաւ Իրանի հիւլէական համաձայնութեան առնչուող վերջին զարգացումներուն շուրջ ամփոփ ներկայացումով. յատկապէս Ուաշինկթընի համաձայնութենէն դուրս գալն ու անոր ծայրայեղ կեցուածքը, որուն նպատակն է տարածաշրջանին խաղաղութիւնը խախտել եւ լարուածութիւնը գրգռել: Իր կողմէ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի Իրանի ղեկավարութեան եւ պաշտպան կը հանդիսանայ անոր ժողովուրդին իրաւունքներուն։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խօսեցան Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ու Ասթանայի յառաջիկայ բանակցութեան մասին: Անոնք անդրադարձան նաեւ Իրան-Սուրիա յարաբերութիւններուն։ Խաճի հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութեան ռազմավարական նշանակութիւնը, յայտնելով, որ Իրանի ղեկարավարութիւնն ու ժողովուրդը ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ մինչեւ երկրին ամբողջական ազատագրումն ու վերականգնումը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Նախագահութեան լրատուական եւ քաղաքական խորհրդատու դոկտ. Պուսայնա Շաապան, արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ եւ նախարարութեան Ասիոյ վարչակազմի տնօրէն Շաֆիք Տայուպ: