Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ին, սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթը հաղորդեց, որ Դամասկոս գոհունակութիւն յայտնեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի նախագահութեամբ սուրիական պատուիրակութեան Չինաստան եւ Քուրիա տուած արդիւնաբեր այցելութիւններուն: Դամասկոս զանոնք որակեց որպէս հիմնաքար դէպի արեւելք ուղղուելու քաղաքականութեան: Ըստ յայտարարութեան՝ Արեւելքի մէջ կը գտնուի աշխարհի երկրորդ հզօր տնտեսութիւնն ու աթօմական կարեւորագոյն պետութիւններէն մէկը, որ երկար պայքարեցաւ ԱՄՆ-ի բռնատիրութեան եւ պաշարումի դէմ:
Դէպի արեւելք ուղղութիւնը, զոր Դամասկոս որպէս քաղաքականութիւն որդեգրեց յառաջիկայ փուլին, ըստ երեւոյթին ամերիկեան ծրագիր պիտի ըլլայ եւս, յատկապէս նախագահ Թրամփի Չինաստանի դէմ տնտեսական եւ արուեստագիտական պատերազմէն արձանագրած նահանջին լոյսին տակ: Ան նաեւ եղաւ առաջին ամերիկացի նախագահը, որ մուտք գործեց Քուրիայի սահմաններէն ներս եւ պահանջեց անցեալը մոռնալով քաղաքական նոր էջ մը բանալ:
Մուալլէմ Չինաստան եւ Ժողովրդավար Քուրիա այցելութիւնը արդիւնաբեր համարեց եւ Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդի դիմատետրի կայքէջին վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Սուրիա եւ Չինաստան նոյն կեցուածքը կ’որդեգրեն երկու երկիրներուն վրայ պարտադրուած ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն դէմ, շեշտեով, որ Չինաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ հետ տնտեսական ու մշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցելու: