Քաղաքական վերջին զարգացումներուն կողքին, այս շաբաթ սուրիական մամուլին մէջ կը կարդանք տնտեսական, կրթական եւ երկրին վերականգնումի աշխատանքներուն առնչուող հետաքրքրական նիւթեր: Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ին, ՍԱՆԱ անդրադարձաւ Հին Հալէպի հնագիտական շրջանին մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործած աւերներուն: Սակայն սուրիական բանակին Հին Հալէպ շրջանը ազատագրելէ ետք, կառավարական պատկան մարմինները հսկայ աշխատանք տարին այդ շրջանները վերականգնելու, ներառեալ Զահրաուի շուկան, որ պատերազմի փոշիները թօթափելով վերստին իր դռները բացաւ Հալէպի նահանգային խորհուրդին եւ առեւ-տրականներու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ: Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի նախագահ Մաճտ ալ Տին Տապպաղ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հաղորդեց, որ շուկան կ’ընդգրկէ 800 առեւտրական խանութ եւ ներկայիս Հին Հալէպի տնտեսական կեանքը աշխուժացնող տնտեսական բազկերակը կը համարուի:
«Տամ Փրէս» կայքէջը լոյս ընծայեց Եփրատի քարիւղային ընկերութեան կրած վնասներուն մասին լուր մը «Սուրիական Քարիւղին Վնասները» վերնագիրով։ Թերթը յայտնեց, որ 2011-էն մինչեւ 2019-ի առաջին քառորդը ընկերութեան վնասները հասան շուրջ 14,55 միլիառ ամ. տոլարի: Թերթին համաձայն, 2019-ին ընկերութեան տարեկան արտադրութեան ծրագիրը նախատեսուած է օրական դրութեամբ շուրջ 7000 տակառի արտադրութիւն, յայտնելով, որ ընկերութիւնը արդէն սկսած է ծրագիրը ի գործ դնել Թայմ, Նիշան, Շոլա եւ Ուարտ քարիւղային հանքերէն:
Քաղաքական մարզէն ներս, «World and Syria News» կայքը յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շեշտեց Սուրիոյ մէջ լարուածութեան կեդրոնները ոչնչացնելու, տեղահանուածներուն տունդարձի եւ երկրին տնտեսութեան վերաշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: ՊՌԻՔՍ-ի պետութիւններուն գումարած ժողովին ընթացքին, վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ Փութին ըսաւ. «Այս քայլերը անմիջական կապ ունին հարցերու արմատական լուծումներու հետ, ըլլան անոնք Աֆղանիստանի, Վենեզուելլայի, Միջին Արեւելքի կամ Քուրիայի մէջ»: Ան յայտնեց, որ ներկայիս, Ռուսիոյ զօրակցութեամբ կարելի է արիւնահեղութիւնը դադրեցնել, իսկ յառաջիկայ փուլին անհրաժեշտ է լարուածութեան կեդրոնները ոչնչացնել եւ Սուրիոյ կառավարութեան օգնել մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելով եւ երկրի քանդուած տնտեսութիւնն ու ենթակառոյցները վերականգնելով: Փութին եզրափակելով հաստատեց. «անհրաժեշտ է ջանքերը մէկտեղել՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար»: Այլ առիթով, Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, «Ուաթան» թերթը յայտնեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսաւ. «Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ի գիշերուան ժամը 12։35-ին, Իսրայէլ կրկին յարձակում գործեց սուրիական հողերուն վրայ՝ բազմաթիւ հրթիռներ արձակելով լիբանանեան հողերէն Դամասկոսի եւ Հոմսի ուղղութեամբ: Յարձակումին հետեւանքով զոհուեցաւ 4 քաղաքացի, արձանագրուեցան 21 վիրաւոր եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ»: Նախարարութիւնը եզրափակելով անգամ մը եւս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդէն պահանջեց ՄԱԿ-ի շրջագիծէն ներս իր պատասխանատուութիւնները յարգել եւ միջազգային ապահովութիւնը պահպանել ու յարմար միջոցներ որդեգրել՝ Իսրայէլի կողմէ նման յարձակումներ կանխարգիլելու համար:
Կրթական մարզէն ներս, Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ բոլոր նահանգներու կառավարական եւ անձնական դպրոցներուն ինչպէս նաեւ նախարարութեան պատկանող հիմնարկներուն 2019-2020 տարեշրջանի բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ դպրոցներու վարչական կազմերը, տնօրէնութիւններն ու ուսուցչական կազմերը իրենց աշխատանքը կը սկսին Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-էն սկսեալ: