ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

4 Յուլիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան հետ, որուն կը մասնակցէին կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանճեան, Գործադիր Մարմինի անդամներ Արամ Ենոքեան, Մարինա Կրիմլեան եւ Քաղաքական Խորհուրդի ղեկավար Գուրգէն Ներսիսեան: ՀՅԴ–ն կը ներկայացնէին ՀՅԴ ԳՄ անդամներ Լիլիթ Գալստեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան, Շաղիկ Մարուխեան եւ Արթուր Խաչատրեան:

Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի զարգացումներուն, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին երկրի արտաքին եւ ներքին ճակատներուն մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն` անընդունելի համարելով ազգային պետական ուղեգիծէն շեղման տեսանելի միտումները:

Երկու կուսակցութիւններու կարծիքով  անթոյլատրելի են երկրին մէջ տիրող անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը եւ յատկապէս Արցախի շուրջ ազգային միասնականութեան ոգին ջլատող դրսեւորումները:

Կողմերը քննարկեցին նաեւ ազգային պետական շահերէն բխած միասնական օրակարգերու ձեւաւորումը ու անոնց շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնը: