«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա շրջանի (հայկական նախկին Տոմարածին գիւղ) հայկական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի: Եկեղեցւոյ տանիքին քարէ սալիկները ճաքեր տուած են, կտրուած, իսկ պատերու ստորին հատուածներուն մէջ ծեփերը թափած են:
Թոմարզայի Մշակութային Միութեան նախկին ղեկավար Հասան Կիւրբիւզը յայտնած է, որ եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է:
Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կառուցուած է 1837-ին տեղական քանդակագործական յատուկ արուեստով եւ աղիւսներով: 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ, եկեղեցին որպէս պահեստ եւ ցուցասրահ օգտագործուած է, իսկ հետագային շրջանը լքուած է: Անտարբերութեան մատնուած եկեղեցւոյ քիւերը նոյնպէս կոտրուած են: Տանիքը խոտով ծածկուած է:
Նշուած է, որ Կեսարիոյ յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի եւ բնութեան ժառանգութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովի որոշումով զեկոյց պատրաստուած է, ուր ներկայացուած է եկեղեցւոյ վերականգնումի ծրագիրը: Սակայն պատմական եկեղեցին դարձեալ չէ վերանորոգուած:
Հասան Կիւրբիւզը յայտնած է, որ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին պատմական եւ ճարտարապետական կառուցուածքով կարեւոր մշակութային ժառանգութիւն է:
«Մեր ամենամեծ փափաքն է վերականգնել եկեղեցին եւ զայն դարձնել զբօսաշրջային վայր: Եկեղեցին վերածուած է աղաւնիներու բոյնի եւ ամէն պահ փլուզման վտանգի տակ է: Յոյսով ենք, որ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան պաշտօնեաները կը զբաղին այս հարցով»,ըսած է Կիւրբիւզը:
Յիշեցնենք, որ թուրքերն ու քիւրտերը տեղաբնակ հայերու քաջութեան համար Թոմարզան կ’ անուանէին «քիւչուկ Զէյթուն», այսինքն` Փոքր Զէյթուն: Ցեղասպանութեան օրերուն մեծ ու փոքր, կին ու տղամարդ զէնքի դիմած են` թրքական բանակին ու քիւրտ համիտիէին մեծ կորուստներ պատճառելով:
1929-ին վերջին հայերը՝ 145 հոգի, հեռացան հայրենի բնակավայրէն եւ տեղափոխուեցան Խորհրդային Հայաստան: Թոմարզայի հայկական մշակութային հետքերը մինչ օրս տեսանելի են թէ՛ քաղաքին մէջ, թէ՛ քաղաքի մերձակայքը: