Մանկապարտէզի երեխաներն անգամ գիտեն, որ «ձախ»ը կողմի մը իմաստը ունի եւ անոր հականիշն ալ «աջ»ն է։

   Ձախ ձեռք, ձախ ականջ, ձախ կողմի մայթ, ձախ դառնալ, ձախէն քալել եւ այլն։

   Իբրեւ իրեն հոմանիշ՝ ունինք «ահեակ» բառը, որ շատ քիչ կը գործածուի։ Ատոր կը հանդիպինք երբեմն եկեղեցական լուրերու մէջ.- «Եպիսկոպոսը միւռոնով օծեց ձեռնադրեալ քահանային աջ ու ահեակ ափերը»։

   «Ձախլիկ» եւ «ձախակողմեան» բառերն ալ կու գան անշուշտ նոյն արմատէն։

   «Ձախլիկ»ը ձախ ձեռքով գրող անձն է։ Այս վիճակը անցեալին անբնական կը նկատուէր ու հազուադէպ էր։ Ամբողջ դպրոցի մը մէջ քանի՞ ձախլիկ կը գտնէիք։ Շատ քիչ։ Հիմա սակայն կացութիւնը բնաշրջուած է. իւրաքանչիւր դասարանի մէջ ես արդէն դիւրաւ կը նկատեմ գէթ 2-3 ձախլիկ աշակերտ։

   Ձախլիկին կը հակադրուի աջլիկը։ «Աջլիկ» ըսելով կը հասկնանք այն մարդիկը (մեծամասնութիւն), որոնք աջ ձեռքով կը գրեն։ Անցեալները բժշկագիտական յօդուածի մը մէջ կը կարդայի, թէ աջլիկներուն լեզուական-խօսելու կարողականութեան կեդրոնը կը գտնուի ուղեղին ձախ կիսագունդին մէջ, մինչ ձախլիկներունը, կ’ըսուէր, կը գտնուի ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ։ Խորհո՜ւրդ մը՝ ինքնին։

   Իսկ «ձախակողմեան» կը նշանակէ ձախ կողմին պատկանող։ Օրինակ՝ գետին ձախակողմեան ափը, պողոտային ձախակողմեան խանութները, եկեղեցւոյ ձախակողմեան դասը, ձախակողմեան մամուլ։

   Ձախը իր տառացի իմաստին զուգահեռ՝ քաղաքական գրականութեան մէջ ունի մասնաւոր նշանակութիւն մը։ Այսպէս, գոյութիւն ունին «ձախակողմեան գաղափարախօսութիւններ» եւ «աջակողմեան գաղափարախօսութիւններ»։ Ձախակողմեանները «ընկերվարական» կամ «ժողովրդավարական» պիտակին տակ գործող կուսակցութիւններն են, իսկ աջակողմեանները՝ ազգայնականներն ու դրամատիրականները։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատները ձախակողմեան կը նկատուին, իսկ հանրապետականները՝ աջակողմեան։ Համայնավար կուսակցութիւնը, ամէնուրեք, կը նկատուի ձախակողմեան գաղափարախօսութեան դրօշակիր մը, հետեւաբար՝ ձախակողմեան գործիչներ են Մարքսը, Լենինը, Ֆիտէլ Քաստրօն ու նմանները։ Սփիւռքահայ ճակատի վրայ, զորօրինակ, ձախակողմեան թերթերու խմբագիրներ եղած են Յովհաննէս Աղպաշեանն ու Գառնիկ Ադդարեանը («Ժողովուրդի Ձայն», «Կանչ» – Պէյրութ), Աւետիս Ալիքսանեանը («Աշխարհ» -Փարիզ), Վահան Ղազարեանը («Լրաբեր» – Նիւ Եորք)։

   Մի՛ հարցնէք սակայն, թէ նոյն տրամաբանութեամբ՝ մեր հայկական դասական կուսակցութիւնները ո՞ր ճակատին մէջ պէտք է զետեղել…։ Կը դժուարանամ ճշդել։

   Նոյն այս «ձախ» արմատով շինուած են նաեւ «ձախող», «ձախողիլ», «ձախորդ», «ձախաւեր» (անշնորհք, անճարակ) եւ նման շարք մը բառեր։

   Հիմա պիտի առարկէք եւ ըսէք թէ «ձախողիլ»ը ի՞նչ կապ ունի «ձախ»ին հետ։

   Ունի՛, եւ թէ՝ ի՜նչ սերտ առնչութիւն։

   «Ձախողիլ» կը նշանակէ յաջողութիւն չգտնել։ Այս չէզոք բայը ուղղակի կազմուած է «ձախ» բառէն, որովհետեւ «ձախ»ը, ընդհանուր նախապաշարումէ մը բխելով՝ հայերէնի մէջ փոխաբերաբար զգեցած է ԱՆՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ իմաստ։ Անկատար գործ տեսնողներուն համար յաճախ կ’ըսենք.«Ձախ ձեռքով գործ կը տեսնէ»։ Այսինքն՝ անյաջող ու անփոյթ է, կիսատ-պռատ կը կատարէ իրեն վստահուած գործը։

   Իսկ «աջ»ը, ինչպէս ըսինք, մի՛շտ հակառակն է ձախին ու ձախողութեան։ Արդէն, ուշադի՛ր եղէք՝ «յԱՋողութիւն» բառին արմատը «աջ» բառն է…։

   «Զաւակը հօր աջ բազուկն է» կ’ըսենք (չենք ըսեր «ձախ բազուկը»)։ Կաթողիկոսը Ս. Միւռոնը կ’օրհնէ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով (ո՛չ թէ Ձախով…)։

   Երբ կը հանդիպիմ «ձախորդ» բառին, անմիջապէս կը յիշեմ աշուղ Ջիւանիի նշանաւոր խրատական երգը.- «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան»։

   Ունինք նաեւ «Ձախորդ Փանոս» ասացուածքը, որմով կ’ակնարկենք անյաջողակ մարդոց, որոնց գործերը տեւաբար ձախող կ’ընթանան…։ Մեր անմահ Թումանեանը այս նոյն վերնագրով նշանաւոր հեքիաթ մըն ալ ունի, որ ֆիլմի վերածուած է յիսուն տարի առաջ։

   Է՜հ, կը տեսնէք ահաւասիկ, թէ ձախն ու աջը մեզ որքան հեռուները տարին։ Դեռ ալ կրնան տանիլ՝ եթէ կը սիրենք պտտկիլ բառերու ովկիանին մէջ։

   Սա «ձախ» բառը բնաւ «ց»ով չգրէք, որովհետեւ այն ատեն բոլորովին տարբեր իմաստ կու տայ.- «ցախ» կը նշանակէ ծառի չորցած ճիւղ։

   Անոնք որոնք պարտէզ ունին կամ պարտիզամշակութեամբ կը զբաղին, ատենը անգամ մը գործ պիտի ունենան ցախերու հետ։ Պիտի կտրտեն ծառերուն ճիւղերը, գետին թափած ցախերը պիտի հաւաքեն ու տանին ցախատուն, իմա՝ այն սենեակը, ուր կը դիզեն ցախի կոյտերը, զանոնք հետագային իբրեւ վառելափայտ օգտագործելու համար։

   «Ցախ» գոյականը զիս կը տանի դէպի իրմով շինուած երկու այլ բառեր եւս։   

   Առաջինը «ցախսարիկ»ն է. ճնճղուկներու ընտանիքին պատկանող այն երգեցիկ թռչունը, որ հաւանաբար իր անուանումը ստացեր է ցախերու եւ մացառներու արանքին ոստոստելու, անոնց մէջ բոյն շինելու իր հակումէն։ Բառը կազմուած է «ցախ» եւ «սարեակ» (գեղաձայն թռչուն մը) գոյականներու միացումէն։

   Ես այս թռչունին անունը միշտ կ’առնչեմ թուրք գրականութեան։ Ռեշատ Նուրի Կիւնթեքին (1889-1956) անունով թուրք համբաւաւոր վիպագիրն ու թատերագիրը ունի «Չալըգուշու» խորագրեալ հանրայայտ վէպ մը (1922), որ ժապաւէնի ալ վերածուած է եւ թարգմանուած՝ օտար լեզուներու։ «Չալըգուշու»ն հայերէնով ցախսարիկն է։ Այս վէպը հայերէնի ալ թարգմանուեր է օրին`  Յովհաննէս Տէրունիի կողմէ ու տպուեր է Պոլիս, 1924-ին։  Կը յիշեմ զայն իբրեւ թերթօն տեսած ըլլալ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի հին հաւաքածոներուն մէջ։

   «Ցախ»ով կազմուած միւս բառն ալ «ցախաւել»ն է։ Ասիկա երկար, մարդահասակ կոթով այն աւելն է, զոր կը գործածեն աղբահաւաքները՝ փողոցները աւլելու համար։ Աւելի այս տեսակը ընդհանրապէս շինուած կ’ըլլայ կակուղ ցախերով։

   Ես այս «ցախաւել» բառն ալ կ’առնչեմ գիր-գրականութեան, այս պարագային՝ հայ մամուլին։

   Գիտէ՞ք, թէ երկու թերթեր ունեցած ենք անցեալին, մին՝ Ամերիկա, միւսը՝ Թեհրան, որոնք կոչուած են «Ցախաւել»։ Երկուքն ալ՝ պատկերազարդ երգիծաթերթեր։

   Ամերիկայի «Ցախաւել»ը հրատարակուած է հարիւր տարի առաջ, նախ՝ Նիւ Եորք (1915-1917), ապա Պոսթըն (1919-1920)։ Խմբագիր՝ Սիմէոն Կիւլօ։

   Իսկ Թեհրանի «Ցախաւել»ը, աւելի երկարակեաց, լոյս տեսած է իբրեւ երկշաբաթաթերթ, 1943-1958, երգիծագիր Երուանդ Բազէնի (Միրզայեան) խմբագրութեամբ։

   «Ցախաւե՜լ»…։ Իմ բառարանս կը յիշեցնէ ինծի, թէ այս բառը կարելի է գործածել նաեւ փոխաբերական իմաստով, իբրեւ ածական։ Եթէ ուզենք մեր դիմացինին անճարակ, ապիկար ու ողորմելի ըլլալը շեշտել, կրնանք գոչել.«Ի՜նչ ցախաւել մարդ է»։

 

Լեւոն Շառոյեան
(Հալէպ)